ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Անգարայի մէջ դրամատան մը նոր շէնքին կառուցման ընացքին յայտնաբերուած էին մարդկային ոսկորներ։ Ըստ պետական արխիւներուն՝ նշուած տարածքին մէջ նախապէս եղած է հայկական եւ կաթոլիկ գերեզմաննոց։ Պաշտօնական տուեալներու համաձայն՝ նշեալ տարածքին մէջ նախապէս ոչ միայն գերեզմաննոց, այլ նաեւ եկեղեցի եւ բաղնիք եղած է։ Հակառակ շինութիւնը կասեցելու կոչերուն աշխատանքները չեն դադրած։
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ բարձրաձայնեց հայկական գերեզմաննոցին վրայ շինարարական աշխատանքներուն հարցը:
Փայլան գրաւոր հարցապնդում ուղղեց Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մուրաթ Քուրումին` պահանջելով պարզաբանել, թէ ինչո՛ւ չեն դադրեցուած նշեալ տարածքին վրայ թրծաշաղախով պատելու աշխատանքները եւ շեշտեց, թէ նման քայլ մը կ՛ոչնչացնէ Անգարայի մշակութային արժէքները եւ քաղաքին յիշողութիւնը:
«Ինչո՞ւ շաղախ կը թափէք Անատոլիոյ հայերու ոսկորներուն եւ մշակութային արժէքներուն վրայ», հուսկ հարցուց Փայլան: