ՊԱՔՈՒ, «ՌԻԱ Նովոսթի»․- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԵԱՀԿի նախագահ Անն Լինտէի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց, որ Արցախի տագնապը անցեալին մէջ մնացած է եւ պէտք է դէպի ապագայ նայիլ:
Իր կարգին, Լինտէ հանդիպումէն ետք «Թուիթըր»ի վրայ գրեց, որ ընդգծուեցաւ չլուծուած հարցներու լուծման գործին մէջ ԵԱՀԿի եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կարեւոր դեր:
«Արմէնփրէս»ը, վկայակոչելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ կը հաղորդէ, որ Լինտէ հանդիպում ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Ըստ ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքին՝ Պայրամով ԵԱՀԿի նախագահին հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց հետեւեալը. «Ատրպէյճան բոլոր պատերազմական գերիները վերադարձուցած է Հայաստանին: Ատրպէյճանի տարածքին 26 Նոյեմբերին ձերբակալուած անձերը պատերազմական գերիներ չեն: Անոնք ահաբեկչական գործողութիւններ կատարած են եւ Ատրպէյճանի մէջ կը շարունակուի անոնց նկատմամբ հետաքննութիւնը», ըսաւ Պայրամով:
Ան նշեց, որ հայ զինուորները քաղաքացիական փոխադրամիջոցներով մուտք գործած են Ատրպէյճանի տարածքը: