ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը նախաձեռնած է համացանցային արշաւի մը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու մասին իր խոստումը յառգել տալու նպատակով ճնշում բանեցնելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վրայ։
change.org կայքին միջոցաւ իրականացուղ արշաւը կոչ կ՛ընէ Սպիտակ տան, որ վերջակէտ մը դնէ Թուրիքոյ ուրացման ջանքերուն մեղսակցելու ամօթալի քաղաքականութեան եւ հետեւելով Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին օրինակին՝ պաշտօնապէս ճանչնայ անպատիժ մնացած Ցեղասպանութիւնը։
Ստորագրահաւաքին մասնակցելու համար այցելել yesitsgenocide.org կայքը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը համախմբումն է շրջանի հետեւեալ հայկական կազմակերպութիւններուն.
Առաջնորդարան Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ
Առաջնորդարան Հիւսիսային Ամերիկայի Հայոց Արեւմտեան Թեմ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն
Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Նահանգներու Շրջան
Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
Թէքէեան Մշակութային Միութիւն
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն
Միացեալ Հայ Երիտասարդներ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ամերիկայի Հայկական Համագումար
Հայ Իրաւաբանական Միութիւն
Պոլսահայ Միութիւն
Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն
Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն (Իրաքահայ Միութիւն)
Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն
Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն
Ծառայողական Աշխատողներու Միջազգային Միութիւն
Հարաւային Քալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ