ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Աբրահամեան ընտանիքը իր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանին, Արսէն քհնյ. Գասապեանին, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէութեան, ՀՕՄի «Մեղրի» մասնաճիւղին, ՀՄԸՄի «Ջաւախք» մասնաճիւղին եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, գրութեամբ, հեռաձայնելով, ծաղկեպսակ ուղարկելով կամ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութեամբ մասնակից եղան իրենց սուգին։
Հանգուցեալի յիշատակին կատարուած է 11,000 տոլարի նուիրատուութիւն Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին եւ «բանակի ծառայողների» ապահովագրական հիմնադրամին։