Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը, հիմնուելով 29 Փետրուար – 1 Մարտ 2020ին Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած իր նիստին որոշումներուն վրայ, մէկ տարուան ժամանակամիջոցի մէջ կազմակերպեց տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցութիւններ: Արդէն իսկ տեղի ունեցած են Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկաներու եւ ԱՊՀ երկիրներու մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու առցանց հանդիպումները:
Այս փուլի 5րդ եւ եզրափակիչ առցանց ժողովը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 15 Մարտ 2021ին, Երեւանի ժամանակացոյցով՝ երեկոյեան ժամը 6ին:
Իբրեւ նիւթ նկատի առնուած է «Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցներըը ներկայ պայմաններուն մէջ. դժուարութիւններ եւ դիմագրաւման միջոցներ»ը:
Մասնակցիլ փափաքողներէն կը խնդրուի կապուիլ հետեւեալ ե-նամակի հասցէին` panarmenian.media@gmail.com
ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ