27 Փետրուարին, իր առաւել քան մէկդարեայ պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, ՀԲԸՄի Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ առցանց դրութեամբ, նկատի ունենալով շարունակուող համաճարակը։
ՀԲԸՄի Հայկական Համացանցային համալսարանին ընձեռած կարելիութիւններուն շնորհիւ, 32 երկիրներէ հարիւրաւոր մասնակցողներ կրցան միանալ Zoom-ի միջոցով՝ անգլերէն, հայերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն համաժամանակեայ թարգմանութեամբ։
Պաշտօնական օրակարգը կ՛ընդգրկէր 2018-2019 տարեշրջանի ընդհանուր նիւթական, բարոյական եւ կրթական ոլորտներուն մէջ աշխատանքներու տեղեկագրութիւնները։ Կարճ հարցում-պատասխանին յաջորդեց քննարկում հարցերու շուրջ, որոնք նախքան Ժողովը ներկայացուած էին անդամներու կողմէ։
Գովասանքի խօսքեր ըսուեցան ՀԲԸՄի երեք խումբերու հասցէին, որոնց մասին միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան հպարտութեամբ խօսեցաւ՝ վեր առնելով անոնց աներեւակայելի զոհողութիւնը 2020ին։ Այդ խումբերն էին՝ Լիբանանի ամբողջ կառոյցը, աշխարհատարած մասնաճիւղերու սկաուտներուն, եւ Երիտասարդ արհեստավարժներու խումբերը։
Սեդրակեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց, թէ ի՛նչ կը նախատեսէ ՀԲԸՄը Հայաստանի հետագայ յառաջընթացին ուղղութեամբ։ «ՀԲԸՄի ղեկավարութիւնը, մեկնելով մեր ազգին առջեւ ծառացած վտանգներու մասին լուրջ մտահոգութիւններէն, միաւորուելու կոչ ըրած է համայն հայ ժողովուրդին, որպէսզի բոլորը իրենց փորձառութիւնը, ներգրաւուածութիւնը եւ անկոտրում կամքը ներդնեն՝ կառուցելու ապագան անցեալ տարուայ իրադարձութիւններէն ետք», ըսաւ ան։