ՄԻՇԸԼ ՀԻԼԶ, Քալիֆորնիա․– Կազմակերպութեամբ «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանին եւ Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութիւններու ազգային ընկերակցութեան (NAASR), Շաբաթ, 13 Մարտին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ, Հայաստանի վիշապաքարերուն նուիրուած առցանց ներկայացում մը տեղի պիտի ունենայ։
Քրիստոսէ առաջ երկրորդ հազարամեակէն մնացած եւ գլխաւորաբար Արագած եւ Գեղամայ լեռներուն ստորոտներուն վրայ գտնուող վիշապաքարներուն մասին պիտի խօսի դոկտ․ Արսէն Բոբոխեան (Հայաստանի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկէն)։
Արձանգրուելու համար այցելել https://us02web.zoom.us/webinar/register/WN_9GVWRwnoTN6BKuRFXM2_Qw
կամ https://www.youtube.com/c/ArmenianStudies կայքերը։
Ձեռնարկին հովանաւորն է «Տատուրեան» հիմնարկութիւնը։