ԵՐԵՒԱՆ.- 1 Մարտին, տեղի ունեցաւ «Հայաստանը առանց Նիկոլի» եւ «Ազգ, բանակ, յաղթանակ» կարգախօսներով «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի հանրահաւաքը, որուն մասնակցողները շարունակեցին պահանջել Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը, իրենց ամբողջական աջակցութիւնը յայտնելով բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան եւ ընդհանուր հրամանատար զօր. Օննիկ Գասպարեանի։
ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ շատ մը հայրենակիցներ, որոնք Հայաստանի տարբեր շրջաններէ տարբեր պատճառներով դժուարութիւն ունէին անցնող օրերուն մասնակցելու հանրահաւաքներուն, այսօր գտած են շատ յարմար լուծում. «Նրանք պետական փողերով իշխանութեան փողերով անվճար հասել են Երեւան, եւ հասկանալով, որ իրաւունք չունեն մասնակցել հողատուի հանրահաւաքին, քիչ-քիչ միանում են «Հայրենիքի փրկութեան շարժման»ը, որովհետեւ հասկանում են, որ չի կարող հայը լինել մի տեղ, որտեղ հնչելու են կարգախօսներ ընդդէմ բանակի բարձրագոյն հրամանատարութեան», նշեց ան։
Խօսք առաւ նաեւ քաղաքագէտ Անդրանիկ Թեւանեան, որ տարօրինակ նկատեց այն, որ 1 Մարտին տեղի կ՚ունենան երկու հանրահաւաքներ, որոնցմէ առաջինը Բաղրամեանի մէջ՝ նպատակը հայոց ազգային բանակի կողքին կանգնիլ է, իսկ արտառոցը այն է, որ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Նիկոլ Փաշինեան կը կատարէ այլ հանրահաւաք՝ ի պաշտպանութիւն թրքական բանակին։
«2008ի Մարտի 1ին Փաշինեանի հրահրմամբ տեղի ունեցաւ ոճրագործութիւն եւ ողբերգութիւն, որի արդիւնքում 10 հայորդի մահացաւ: Դա նրա հայի արեան առաջին համտեսումն էր: Յետոյ այդ թիւը տասնապատկուեց, հարիւրապատկուեց, հազարապատկուեց եւ նա արդէն մօտ 10,000 հայորդու համար պատասխանատու է», շեշտեց ան։
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի խորհուրդի անդամ Արփինէ Յովհաննիսեան հանրահաւաքին ընթացքին ընթերցեց Փաշինեանին ուղղուած նամակը՝ ակնկալելով ներկաներուն համաձայնութիւնը՝ հրապարակելու Հայաստանի քաղաքացիներուն անունով։
Ըստ Արփինէ Յովհաննիսեանի՝ Փաշինեան այլընտրանք չունի, պէտք է հեռանայ։ Ան իր նամակին մէջ նաեւ կ՛անդրադարնայ «Մարտի 1ի» դէպքին, որուն մէջ կը տեսնէ նաեւ Փաշինեանի մեղքը. «Այսօր Մարտի մէկն է՝ քո բազմաթիւ յանցանքներից մէկի օրը: Յիշո՞ւմ ես ոնց 2008թ. Մարտի մէկին ժողովրդին թշնամացրիր, հանեցիր իրար դէմ ու թռար, ոնց որ միշտ ու էլի զոհեր տուեցինք», նշեց ան։
Զինուած ուժերու նախկին ընդհանուր հրամանատար, ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար, զինուած ուժերու զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով ողջունեց բազմահազար քաղաքացիները, իսկ դիմելով զինուած ուժերու սպաներուն, ան յիշեցուց, որ ընդհանուր հրամանատարին հրապարակած յայտարարութիւնը ստորագրած են ոչ միայն զօրավարներ, այլ նաեւ բանակը, որովհետեւ բնականաբար հրամանատարը համադրած է զինուորներուն, պայմանագրայիններուն հետ։
«Այդ յայտարարութեան ներքոյ ստորագրել է մեր ողջ բանակը: Եւ սա վերջն է: Հասկանո՞ւմ էք, նոյնիսկ Էրդողանն ու Ալիեւն են անհանգստանում անթաքոյց: Ինչո՞ւ են անհանգստանում նրանք, որովհետեւ հասկանում են, հայկական բանակը նրանց միշտ ջարդել է ու կը ջարդի, մենք անպայման այդ ամէնը վերադարձնելու ենք: Ես յարգանքով դիմում եմ բոլոր զինուորականներին, սերժանտներին, պայմանագրայիններին, բոլոր-բոլորին, իմացէք, ժողովուրդը ձեզ հետ է, նա ձեզ մենակ չի թողնի: Եւ վերջում՝ ազգ, բանակ, յաղթանակ», ըսաւ Խաչատուրով։
Իր ելոյթին Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան ըսաւ, որ հաւաքին նպատակն է սատարել բանակին, «բանակը մենք բոլորս ենք ու այսօր կանգնած ենք հայկական բանակի շարքին»:
Ան իրաւապահ համակարգին խորհուրդ տուաւ չմիջամտել բանակի գործերուն, որովհետեւ շատ դժուար փորձութեան դէմ յանդիման կրնան կանգնիլ՝ կոչ ուղղելով ժողովուրդին՝ սատարելու բանակին, որպէսզի մոլորութեան մէջ չըլլան։
Կոչով դիմելով հաւաքուածներուն՝ Ռուբէն Մխիթարեան ըսաւ, որ այս հրապարակին վրայ հաւաքուած է ազգի սերուցքը։ «Մէջքներդ ուղիղ պահէք, ձեռքերդ վերեւ պահէք, չորս ամիս բոլորիս համար ամէն օր Նոյեմբերի 9ն է: Նոյեմբերի 9ը շարունակւում է ամէն առաւօտ, ամէն գիշեր ու որպէսզի մենք կարողանանք շրջել այդ էջը, որպէսզի նոր օր բացուի հայոց աշխարհի վրայ մի բան է պէտք` առանց Նիկոլ Հայաստան», ըսաւ ան։
«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեան հաստատեց, որ պէտք է շարժել իրենց ուժերը, որովհետեւ Փաշինեան «թքած ունի» հասարակութեան, տնտեսութեան եւ ընկերային հարցերուն վրայ, առ այդ պէտք է լարել ճիգերը եւ հասնիլ արդիւնքի։
Ելոյթներով հանդէս եկան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Տարօն Տօնոյեան, ընդդիմութեան միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան։
Տարօն Տօնոյեան դիտել տուաւ, որ պատերազմէն ետք տեղի ունեցաւ անհաւանականը՝ այս իշխանութիւնը, որ, ըստ բոլոր կանոններուն, պէտք է իր հրաժարականը տար եւ հեռանար, ընդհակառակը, մնաց իշխանութեան վրայ եւ շարունակեց բացուած վէրքերուն վրայ աղ դնել։
«Սրանք վէրք դարմանող չեն: Ուզում են ապացուցել, որ իրենց համար իրենց աթոռը աւելի կարեւոր է: Երբ փողոցում ճնշումը աւելացաւ՝ նրանք արդէն նահանջեցին երկխօսութեան` ընտրութիւնների գնալու, երբ իրենց թուաց, որ փողոցում մարեց շարժումը, նրանք ասացին՝ հանրային պահանջ չկայ: Սրանց մտածելակերպը փողոցային մտածելակերպ է, իրենց համար զրոյի արժէք ունի հայրենիքի անվտանգութիւնը, չէ՞ որ հայրենիքի անվտանգութիւնն է թելադրում՝ ընտրութիւններ պէ՞տք են, թէ՞ ոչ», նկատել տուաւ Տ. Տօնոյեան:
Ըստ անոր՝ այսօրուան իշխանաւորները 3 տարի շարունակ ազգը կիսեցին, բանակը հեղինակազրկեցին, հեղինակաւոր մարդիկը՝ գիտնականներ, մտաւորականներ, գործարարներ որակեցին «թալանչիներ»: Տօնոյեան այս բոլորին պատճառը նկատեց այն, որ այս իշխանութիւնները իրենց աթոռը աւելի կը սիրեն, քան մեր հայրենիքը:
Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքը սկսաւ՝ ըսելով. «Այս հրապարակը մէկ անգամ եւս յայտարարում ենք «Պայքարի հրապարակ», այստեղից սկսուելու է Հայաստանի ազատագրումը այս թուրքերից»։
Ան դիտել տուաւ, որ 2 Մարտին եւս պիտի շարունակուին բողոքի, անհնազանդութեան շարժումները, որովհետեւ Հայաստանի նախագահին եւ բանակին վրայ կը շարունակուին ճնշումները, իսկ ժողովուրդին ամէնօրեայ աջակցութիւնը շատ կարեւոր եւ անհրաժեշտ է արդիւնքի հասնելու համար:
«Քիչ առաջ գերագոյն-գլխաւոր խելագարը այն միւս հրապարակում յայտարարել է, որ ինքը ներողութիւն է խնդրում Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի ժողովրդից՝ իր գործած բոլոր սխալների համար: Եկէք շատ յստակ ասենք՝ Նիկո՛լ, ներողութիւնը շատ քիչ է, ներողութիւնով մենք մեր կորցրած տղերքին հետ չենք բերելու, ներողութիւնով Շուշին ու Հադրութը յետ չենք բերելու, մենք ներողութիւնով չենք բաւարարուելու` դու պէտք է հեռանաս եւ վե՛րջ», յայտարարեց ան՝ աւելցնելով, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը նոյն օրը երթ չկատարեց՝ սադրանքներէ հեռու մնալու համար։
Վազգէն Մանուկեան Բաղրամեան պողոտային վրայ հաւաքուածներուն ըսաւ, որ անոնք ապացոյց են, որ արդէն մենք պիտի վերականգնինք, բանակը արդէն կը վերականգնի։ «Գրեթէ ամբողջ ժողովուրդն է այստեղ, արդէն բոլորն են մեր հետ նոյն ոգեւորութեամբ: Երբեմն ինձ ասում են մոլորուածներ, այդ բառը չեմ ընդունում, չեմ ընդունում այն մարդկանց, ովքեր պատերազմը պարտուելուց յետոյ շարունակում են մնալ մոլորուած, այս ժողովուրդն է, որ պէտք է նորից վերականգնի Հայաստանը, ստեղծի բանակը, նուաճի Արցախը, իր հզօրութիւնը ցոյց տայ», շեշտեց ան։
Վազգէն Մանուկեան նշեց, որ այս պայքարը վատ ղեկավարը փոխելու չի վերաբերիր, քանի որ մենք վատ ղեկավար չունինք, այլ մեր երկիրը նուաճած են թշնամիները: «Մենք ոչ թէ միայն պէտք է վերականգնենք նախկինը, մենք աւելի բարձր մակարդակի պէտք է հասնենք: Մեր սխալներն էին, վրիպումներն էին, յանցագործութիւններն էին, որ բերեցին նրան, որ թշնամին գրաւի Հայաստանը եւ եթէ նոյն ձեւի շարունակենք, էլի թշնամիներ կը գրաւեն Հայաստանը: Մենք պէտք է վերածնուենք նոր մակարդակով, նոր իրար սիրելով, նոր երազանքներով, նոր ձգտումներով մեծ գաղափարների, մեծ սկզբունքների եւ ոչ միայն գոյատեւելու համար: Այսօրուայ օրը ցոյց է տալիս, որ այդպէս լինելու է, բայց մենք շատ աշխատանք ունենք», դիտել տուաւ ան։
Վազգէն Մանուկեան յիշեցուց, որ Նիկոլ Փաշինեան Օննիկ Գասպարեանի հրաժարականի դիմումը դարձեալ ուղարկած է Արմէն Սարգսեանին, սակայն նախագահը ամուր կանգնած է, սակայն անոր ամրութիւնը կախեալ է նաեւ մեր ամրութենէն, որքան մենք հոս ամուր կանգնած մնանք, այնքան ամուր պիտի ըլլայ նաեւ ինք, այնքան ամուր պիտի ըլլայ նաեւ բանակը: Ամբողջ Հայաստանը պէտք է ոտքի կանգնի, որ անխուսափելի ըլլայ վարչապետին հեռացումը, շեշտեց Մանուկեան։
Հանրահաւաքի աւարտին ցուցարարները երթով ուղղուեցան Հայաստանի նախագահի նստավայրը եւ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին նախագահին։
Աւարտին նշուեցաւ, որ Չորեքշաբթի, 3 Մարտին խորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի բաժինը: Ըստ օրէնքի՝ վարչապետը պէտք է ներկայանայ խորհրդարան: Այդ օրը, ժամը 4ին, դարձեալ հաւաք յայտարարուեցաւ շէնքին դիմաց։
Կէս ժամ տարբերութեամբ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ալ տեղի ունեցաւ Փաշինեանի հրաւիրած հանրահաւաքը, որուն ընթացքին ան ըսաւ, որ նախապէս ընդդիմութեան ներկայացուցած էր խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջարկ, որ մերժուեցաւ։ Ան անգամ մը եւս յայտնեց, որ եթէ խորհրդարանական ուժերը կ՚ընդունին այդ առաջարկը, իրենք կը համաձայնին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, «որովհետեւ մենք համոզուած ենք, որ մեր ժողովուրդը նոյնկերպ իր ազատ կամարտայայտմամբ ի վիճակի է Հայաստանում հաստատել օրինական իշխանութիւն», յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան:
Ան նաեւ ըսաւ, որ վերջին տասը ամիսներուն ինք եւ կառավարութիւնը սխալներ արձանագրած են. «Եւ ես ուզում եմ ձեզնից բոլորից, ՀՀ բոլոր քաղաքացիներից, Սփիւռքի բոլոր հայերից, Արցախի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներից ներողութիւն խնդրել իմ թոյլ տուած բոլոր սխալների համար», նշեց Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, թէ իրենց սխալներուն մեծագոյն պատճառներէն մէկը որպէս իշխանութիւն սիրուած ըլլալը եղած է:
Փաշինեան նաեւ խօսեցաւ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան յայտարարութեան մասին՝ շեշտելով, որ քաղաքական նման յայտարարութիւն կատարած ընդհանուր հրամանատարը պէտք է հեռանայ։ «Ընդ որում, այդ յայտարարութիւնն անում է Սերժ Սարգսեանի եւ նախորդ իշխանութիւնների՝ Հանրապետականների դրդմամբ, ովքեր ուզում են 2008 թուականի նման ժողովրդական կամքը խեղդել տանկերի թրթուրների տակ, Հայաստան նման Գլխաւոր շտաբի պետ չի կարող ունենալ», նշեց Փաշինեան։