ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 26 Փետրուարին հանդիպում ունեցաւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի ղեկավարներուն` շարժման կողմէ վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանի, Արթուր Վանեցեանի, Վահրամ Բաղդասարեանի եւ Արծուիկ Մինասեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակին շուրջ: Քննարկուեցան լարուածութեան թուլացման եւ իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման ուղիներուն վերաբերող հարցեր:
Ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչները Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցին իրենց մօտեցումները եւ տեսակէտները:
Անկէ առաջ, օրուան ընթացքին նախագահ Սարգսեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի, Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցի, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար էտմոն Մարուքեանի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արման Աբովեանի հետ:
Խորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչները Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցին իրենց մօտեցումները եւ տեսակէտները: