ԼԱ ՎԸՐՆ.- Դոկտ. Քերոփ Ճանոյեան նշանակուեցաւ Լա Վըրնի համալսարանի տնօրէն եւ ակադեմական հարցերու պատասխանատու փոխնախագահը։
Ցարդ Նիւ Եորքի «Քլարքսըն» համալսարանի անձնակազմի անդամներէն եւ դասախօսներէն մէկը հանդիսացած Քերոբ Ճանոյեան քաղաքացիական ճարտարագիտութեան մարզին մէջ դոկտորի կոչումը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն։
Ան ծնած է Իրաք եւ ապրած ու ուսում ստացած է Բրիտանիոյ, Կիպրոսի եւ Իտալիոյ մէջ, ապա ընտանիքին հետ հաստատուած է Կլենտէյլ, յաճախելով քաղաքին հանրային վարժարանները։