ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».– «Սիվիլնեթ»ի լրագրող Արէն Քերթեշեանի՝ ֆրանսահայ հասարակական գործիչ Ռոպէր Այտապիրեանի հետ 24 Փետրուար 24ին ունեցած հարցազրոյցէն կ՛իմանանք, թէ Շուշիի մէջ հիմնուած Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական դպրոցը վերաբացուած է Ստեփանակերտի մէջ։
Այտապիրեան կ՛ըսէ, թէ ինք վերջնական թիւերը չունի, բայց պատերազմին ընթացքին Մոզեան դպրոցին շուրջ 10 շրջանաւարտներ, որոնք զինուորագրուած էին, նահատակուեցան։ «Ուրիշներ ալ ռմբակոծումներու ընթացքին մահացան։ Ունինք նաեւ վիրաւորներ։ Անշուշտ կը բաժնենք զաւակ, քոյր կամ եղբայր կորսնցուցած ընտանիքներուն սուգը։ Ինչպէս գիտէք, Շուշիի յանձնումէն ետք, Մոզեան դպրոցին շէնքը մնաց այնտեղ։ Այսօր ուրախ եմ յայտարարելու, որ մեր դպրոցը 11 Յունուար 2021ին վերահաստատուեցաւ Ստեփանակերտի մէջ եւ այժմ շուրջ 125 աշկերտներ հոն իրենց ուսումը կը շարունակեն։ Մեր լաւագոյն ութ վարպետներն ալ արդէն վերադարձած են Ստեփանակերտ եւ վերսկսած իրենց դասաւանդութիւնները։ Այժմ դպրոցը կը բանի ժամանակաւոր վայրի մը մէջ, մինչեւ որ, ինչպէս մեզի խոստացան վերջերս, տրամադրուին աւելի յարմար շէնքեր։ Ըսեմ, որ մենք Շուշիի մէջ ունէինք 56 աշխատանոցներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը 200 քառակուսի մեթր տարածութիւն ունէր։ Ըսել կ՛ուզեմ, որ մեզի ընդարձակ տարածքներ պէտք են, որպէսզի զանազան արհեստներու ուսուցումը յարմար վայրի մը մէջ իրագործուի։ Մենք ալ, մեր կարգին, որեւէ ջանք պիտի չխնայենք, որ յառաջիկայ վերամուտին մեր տղաքը Ստեփանակերտի Մոզեան դպրոցին մէջ շարունակեն իրենց ուսումը», տեղեկացուց Այտապիրեան։