ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտին եւ խորհրդարանին ներկայացուած այն բանաձեւերը, որոնց նպատակն է Թուրքիոյ մէջ նեդրումները կասեցնել կամ նման ներդրումներ Թուրքիայէն ետ քաշելու քայլերը դիւրացնել:
Յիշեցնենք, որ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Էնթընի Փորթանթինօ եւ Սքաթ Ուիլք Փետրուարի կիսուն ներկայացուցին թիւ 457 բանաձեւը, որ տեղական կառավարման մարմինններուն եւ աշխատաւորական միութիւններուն արտօնութիւն պիտի տայ իրենց ներդրումները ետ քաշելու Թուրքիայէն: Փորթանթինօ եւ Ուիլք շեշտեցին, թէ յատկապէս Արցախի դէմ Թուրքիոյ ցեղասպանական նորագոյն քայլերէն ետք, Անգարային դէմ աւելի ազդու քայլեր պետք է առնուին: Բանաձեւին համահեղինակներն են՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակուտականներ Պապ Արքուլեթա եւ Անտրէաս Պորկաս:
Նաեւ, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Քրիս Հոլտըն 18 Փետրուարին խորհրդարանին ներկայացուց «Թուրքիոյ մէջ նեդրումները կասեցնել» խորագիրով թիւ 1019 բանաձեւը, յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալ շարունակող Անգարայի վրայ: Հոլտըն շեշտեց, թէ պատմական այս իրականութիւնը հերքող եւ հայերու դէմ անարդարութիւնները շարունակող Թուրքիոյ մէջ որեւէ ներդրում մեղսակցութեան համազօր քայլ մը կը նկատէ՝ բան մը, որ պէտք է անյապաղ կասեցուի:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան երախտագիտութիւն յայտնեց Փորթանթինոյին, Ուիլքին եւ Հոլտընին՝ շեշտելով, որ ուրացման շարունակութեան հետեւանքներէն են՝ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ թրքական եւ ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումները:
Յիշեցնենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ 2019ին ստորագրած էր նահանգային խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ հաստատուած թիւ 1320 բանաձեւը, օրէնքի ուժ տալով նահանգային ներդրումները Թուրքիայէն ետ քաշել պահանջող առաջադրանքին, սակայն անիկա սահամափակ ուժ ունի առանց դաշնակցային համազօր օրէնսդրութեան: