
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ես եւ կողակիցս` Էլիզապէթը, բախտը ունեցանք 2010ին մէկ ամիսով երթալու Հայաստան եւ Արցախ: Մեր ճամբորդութիւնը վերածուեցաւ ուխտագնացութեան. այցելեցինք Հայաստանի եւ Արցախի պատմական շատ մը եկեղեցիները եւ վանքերը: Մեր շրջապտոյտի բոլոր փուլերուն մեզի ընկերացան տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Սեդա Սիմոնեանները, Ռազմիկ Սիմոնեանը եւ Անդրանիկ Հարպոյեանը: Այս բացառիկ ուխտագնացութեան ամենէն յատկանշական բաժինն էր Արցախի Սուրբ Դադիվանքի այցելութիւնը:
Հայաստան չհասած, պզտիկ ուսումնասիրութիւն մը կատարած էի, որոշելու այն բոլոր վայրերը, վանքերը եւ եկեղեցիները, ուր կ՛ուզէինք այցելել շրջապտոյտին ընթացքին: Յատկապէս Դադիվանքի մասին հաւաքած էի հետեւեալ տեղեկութիւնները.

– Դադիվանքը, որ կոչուած է նաեւ Առաքելոց անունով, եղած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ միջնադարեան վանական համալիր, Արցախի Շահումեանի շրջանի Դադիվանք գիւղին մէջ, Դադիվանք լեռան լանջին` Թարթառ գետին ձախ ափին: Պատմականօրէն եղած է Մեծ Կուենք գաւառի առաջնորդարանը: Ան կոչուած է նաեւ Խութավանք, որովհետեւ կառուցուած է խութի (ապառաժի) վրայ: Աւանդութեան համաձայն` եկեղեցին հիմնուած է Քրիստոսի առաքեալներէն` Թադէոսի հետեւորդ Դադէի կողմէ, առաջին դարուն: Դադիվանքի վերանորոգման եւ պեղումներու ընթացքին, Յուլիս 21, 2007ին, վանական եկեղեցիներէն մէկուն խորանին տակ գտնուած են Ս. Դադէ առաքեալի մասունքները: Գտնուած է նաեւ այլ դամբարան մը, ուր թաղուած մարդը նստած է աթոռի մը վրայ: Իններորդ դարուն կառուցուած են վանական համալիրի առաջին կառոյցները: 1145ին համալիրը քանդուած է սելճուքներու կողմէ, սակայն ան վերանորոգուած է 1170ին:
– 12րդ դարուն, Մխիթար Գոշ հոն ապրած եւ գործած է որոշ ժամանակ մը. հոն պատրաստած է իր «Դատաստանագիրք»ը: Համալիրի մէջ եղած են տարբեր շինութիւններ՝ երկու ժամատուն, երկու հին եկեղեցիներ, միաբանական խուցեր, հիւրատուն, գործատեղի, գրատուն, որոնք կառուցուած են Զաքարեան իշխանապետութեան տարիներուն: Հարաւ-արեւմտեան կողմը գտնուած է Հասան-Ջալալի ապարանքը: Դադիվանքի կեդրոնական կառոյցը եղած է Ս. Աստուածածին կաթողիկէն, որ 1234ին կառուցած է Հաթերքի իշխանուհի Արզու խաթունը, ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ Վախթանգ Վախթանգեանի եւ երկու որդիներուն՝ Հասանի եւ Գրիգորի: Հասան նահատակուած է թուրքերու կողմէ: Կառոյցին մէջ յատկանշական եղած է երկյարկանի զանգակատունը, որուն մօտ պահպանուած են երկու խաչքարեր՝ քանդակուած 1283ին, վարպետ Աթանասի կողմէ: Քովնտի պատերուն վրայ արձանագրուած են 12-13րդ դարերուն պատահած դէպքերը: Միջնադարի վերջաւորութեան Դադիվանքը եղած է Արցախի հայկական մելիքութիւններու կազմին մէջ:
– Դադիվանքը ունեցած է երկու հազար հեկտար տարածութեամբ կալուածներ, սակայն 1920ին Արցախը բռնագրաւուած է Խորհրդային Ազրպէյճանի կողմէ եւ այդ պատճառով կորսնցուցած է այդ կալուածները:
– 1960ականներուն ազրպէյճանական իշխանութիւնները վանական համալիրին տարածքին հիմնած են գիւղ մը, որուն բնակիչները վնասած են համալիրի շէնքերը եւ որմնանկարները: 1993 Մարտ 31ին Դադիվանքը ազատագրուած է եւ 1994ին վերաբացուած է, իսկ 1997ին սկսած են վերանորոգման աշխատանքները: Առաջին անգամ վերանորոգուած է գմբէթաւոր փոքր եկեղեցին: Ապա վերանորոգուած ՝ կաթողիկէ եկեղեցին, մեկենասութեամբ նիւ եորքաբնակ Յովնանեանին: 2001ի Հոկտեմբեր 8ին, Եւրոպայի Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի 16 անդամներու կողմէ ստորագրուած է Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերող թիւ 9256 փաստաթուղթը, որուն համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի ազրպէյճանական քաղաքականութեան աղաղակող փաստերէն է Դադիվանքի աւերումը:
Մեր ուխտագնացութիւնը դէպի Դադիվանք ընթացաւ հետեւեալ ձեւով.
Գանձասարի համալիրը պտտելէ ետք, մեր վերադարձի ճամբուն վրայ կանգ առինք Սարսանդ գետին եզերքը: Դուրս եկանք ինքնաշարժէն եւ հանգստացանք՝ դիտելով բնութեան գեղեցկութիւնը եւ գետին հանդարտ հոսքը: Ապա մայրուղիէն բաժնուելով բարձրացանք դէպի Դադիվանք: Մօտաւորապէս տասը քմ. ճամբորդութիւն մըն էր, որ պիտի ընէինք՝ հասնելու մեր ուխտատեղին: Ճանապարհը ասֆալթապատ չէր, ծածկուած էր մեծ ու պզտիկ քարերով, քարքարուտ էր եւ ձիգ: Ինքնաշարժը կ՛օրօրուէր աջ ու ձախ, այնպէս ինչպէս նաւ մը ալեկոծ ծովուն վրայ կը ծփար:
Մեր ինքնաշարժը անշարժութեան մատնուեցաւ երեք կովերու անցարգելին դիմաց: Կովերը նստած էին արահետին լայնքին եւ հանգիստ կ՛ընէին: Մի քանի վայրկեան ետք անոնք կամովին ոտքի ելան եւ սկսան դանդաղ քայլերով յառաջանալ դէպի Դադիվանք: Ուստի մեր մեքենավարը՝ Հրաչ Սիմոնեան, կամայ ակամայ հետեւեցաւ պատկառելի կովերուն քայլերուն, մինչեւ որ անոնք ինքնաբերաբար արահետին աջ եզերքը քաշուեցան ու առիթ տուին մեր ինքնաշարժին, որ յարաբերաբար քիչ մը աւելի արագ շարժիլ ու դէպի վեր բարձրանալ:

Քիչ անդին հանդիպեցանք 8-10 տարեկան երկու մանչ եւ մէկ աղջիկ աշակերտներու, որոնք կը քալէին դէպի վանք, շալկած իրենց դպրոցական պայուսակները: Անոնք հագած էին շատ կոկիկ եւ մաքուր դպրոցական տարազ: Հրաչը կանգ առաւ, եւ բոլորս ինքնաշարժէն վար գալէ ետք, զրուցեցինք այս երեք դպրոցականներուն հետ: Իմացանք, որ դպրոցէն արձակուած էին եւ կը վերադառնային իրենց տուները, որոնք կը գտնուէին Դադիվանքի մօտակայ ձորին մէջ: Դադիվանքը նշմարելի չէր, հաւանաբար բաւական հեռու էր: Ուստի առաջարկեցինք, որ մեզի միանան մինչեւ Դադիվանք: Անոնք վայրկեան մը իրարու նայեցան եւ ետքը բարձրացան մեր ինքնաշարժը: Փորձեցինք իրենց մէկական գանատական գլխարկ նուիրել, սակայն մերժեցին, ըսելով՝ «մենք գլխարկ ունինք»: Վանք հասնելէ ետք, տղոցմէ մէկը եւ աղջիկը «մնաք բարի» ըսելով բաժնուեցան մեզմէ, իսկ երկրորդ մանչուկը՝ Դաւիթը, ինքնակամ ուզեց մեզի ընկերանալ եւ վանքը պտտցնել:
Ան գիւղի դպրոցին (մանկապարտէզ եւ նախակրթարան) տնօրէնին զաւակն էր: Դպրոցը ունէր 45 աշակերտ եւ իւրաքանչիւր դասարանի մէջ կային 4-5 աշակերտ: Դաւիթ տասը տարեկան էր եւ չորրորդ դասարանի աշակերտ: Վանքին դռները բաց էին, պահակ չկար եւ ամբողջ համալիրը դատարկ էր: Դաւիթ մէկ ժամուան ընթացքին մեզ պտտցուց Դադիվանքի համալիրին փլատակ բոլոր բաժանմունքներուն մէջ:

Ան ուրախ-զուարթ եւ հպարտօրէն կը ներկայացնէր համալիրին տարբեր կառոյցները ու կ՛ըսէր.
– Այս կաթողիկէ Սուրբ Նշան եկեղեցին է. Դադիվանքի գլխաւոր կառոյցն է: Անիկա կը համարուի բաւական արժէքաւոր եւ իւրայատուկ կոթող մը: Արտաքին պատերը ծածկուած են արձանագրութիւններով, որոնց մեծ մասը փորագիր են: Այս արձանագրութիւններուն մեծ մասը եկեղեցիի շինարարութեան մասին է:
– Այս գմբէթաւոր փոքր եկեղեցին է.
– Այս միանաւ եկեղեցին է.
– Այս Դադիվանքին զանգակատունն է: Անոր առաջին յարկը յատկանշական է երկու խաչքարերով:
– Այս Սուրբ Դադի եկեղեցին է, որ վանքի հնագոյն կառոյցն է: Ան հիմնուած է Ս. Դադիի գերեզմանատան վրայ:
– Այս ալ Ս. Դադիի գերեզմատաունն է:
– Այս Դադիվանքի գաւիթն է: Անոր արեւելեան պատի ամբողջ երկարութեան տեղադրուած եւ ագուցուած են խաչքարեր: Եկեղեցիէն ներս տեղադրուած են տապանաքարեր:
– Այս Դադիվանքի գմբէթաւոր փոքր եկեղեցին է:
Դաւիթ խորան բարձրացաւ եւ պատմեց այցելու քահանային պատարագելու եւ քարոզելու իւրայատկութիւնները: Ան երկար խօսեցաւ եւ անդրադարձաւ պատարագի իմաստին, բովանդակութեան եւ արարողական ու ծիսական յատկութիւններու մասին: Մենք այն տպաւորութիւնը ունեցանք, որ ան այս մանուկ հասակին պատրաստ էր կղերական հովիւի մը պաշտօնը վերցնելու: Էլիզապէթը, խանդավառուած Դաւիթին արտակարգ կարողութենէն եւ համարձակութենէն, ընդմիջեց զինք եւ ըսաւ.
– Դաւի՛թ երբ մեծնաս, կ՛ուզե՞ս քահանայ ըլլալ:
– Ո՛չ, քահանայ չեմ ուզեր ըլլալ, այլ՝ կ՛ուզեմ կաթողիկոս ըլլալ:

Մենք զարմացած կը դիտէինք այս համարձակ մանչուկին եւ կը լսէինք անոր խորիմաստ արտայայտութիւնը՝ «կ՛ուզեմ կաթողիկոս ըլլալ»: Մանչուկ մը, որ կ՛ապրէր իր տնօրէն հօրը հետ, Արցախի այս պատմական հայկական Դադիվանքին մօտ գտնուող աննշան, պզտիկ Դադի գիւղին մէջ:
Դաւիթ բաժնուեցաւ մեզմէ եւ ուղղուեցաւ դէպի ձորին մէջ գտնուող իր տունը: Բաժնուեցաւ մեզմէ մեր հոգիին եւ սրտին մէջ դրոշմելով իր անմոռանալի, մանկական, բայց մեծարժէք յիշատակները: Մենք ալ բաժնուեցանք Դադիվանքէն եւ ուղղուեցանք դէպի Շուշի:
Այժմ Արցախի պատերազմէն ետք եւ Դադիվանքի համալիրի կորուստէն ետք, արդեօք ո՞ւր կը գտնուի մեր փոքրիկ, բայց հմուտ ուղեցոյց Դաւիթը: Արդեօք իր երազը իրականացնելու միտումով մտա՞ւ Ս. Էջմիածնի դպրեվանքը՝ ստանալու հոգեւոր կրթութիւն եւ պատրաստուելու որպէս արժանավայել հոգեւորական Հայց. եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ: Արդեօք ինքն ալ դարձա՞ւ ազատամարտիկ եւ նետուեցաւ սրբազան կռուի դաշտ պաշտպանելու Դադիվանքը եւ Դադի գիւղը:
Այս հարցումներս կը մնան անպատասխան…