ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը (ԱԵՄ) 23 Փետրուարին այցելեց Ասկերանի հրասայլ-յուշարձանը, ուր տեղադրեց Արցախի Հանրապետութեան դրօշը:
Երիտասարդները ծաղիկներ զետեղեցին հրասայլին վրայ՝ ի յիշատակ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած կամաւորներուն եւ զինուորներուն:
Երիտասարդները սահմանագիծին վրայ յայտնուած հրասայլ-յուշարձանի տարածքին մօտակայ հայկական եւ ատրպէյճանական յենակէտերը դիտարկելէ ետք՝ կատարեցին տարածքի մաքրութեան եւ բարեկարգման աշխատանքներ:
ՀՅԴ ԱԵՄի անդամները կոչ ուղղեցին հանրութեան՝ մաքուր պահելու եւ խնամքով վերաբերելու յաղթանակը խորհրդանշող մեր խորհրդանշաններուն հետ։
Անոնք նաեւ այցելեցին հայ սահմանապահներուն, միասին ճաշեցին, զրուցեցին եւ ծանօթացան զինուորներու առօրեային: