ԵՐԵՒԱՆ.- Հրապարակուեցաւ ՀՅԴի «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի 2021ի երկրորդ թիւը: Առաջին ակնարկով իսկ հետաքրքրուողներուն համար յստակ կը դառնայ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթի ներկայ հրատարակութիւնը կը կրէ մերօրեայ անհանգիստ վիճակի շունչը:
Հայ ժողովուրդին եւ Հայաստան երկրին համար տագնապալի ու հակասական քաղաքական համայնապատկերին նուիրուած է պարբերականին յօդուածներուն զգալի բաժինը: Ներկայի իրողութիւններու լուսաբանման նուիրուած է եւ «Դրօշակ»ի առաջնորդողը:
Պատասխանելով պաշտօնաթերթի հարցումներուն՝ Հայաստանի ներազգային եւ ներքաղաքական իրողութիւններուն իր գնահատականը կու տայ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան: Խօսելով գործող իշխանութիւններուն ապիկար ու անպատասխանատու կառավարման իբրեւ արդիւնք երկրին կրած մեծ կորուստներուն, ինչպէս նաեւ այսօր ալ ազգային հեռանկարին սպառնացող ներկայի մարտահրաւէրներուն մասին՝ Ա. Համբարձումեան կ՛անդրադառնայ ընդդիմութեան գործունէութեան, մասնաւորապէս՝ վերջին շրջանին Դաշնակցութեան կողմէ իրականացուած ու իրականացուող գործունէութեան:
Հայաստանի ու Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն տարբեր տեսանկիւններէ հետաքրքրական վերլուծութիւններով կ՛անդրադառնան քաղաքագէտներ՝ Վահէ Սարգսեան, Հրանդ Մելիք Շահնազարեան եւ Վահրամ Էմմիեան: Այս շարքը կը լրացնէ յայտնի ազգային-կուսակցական գործիչ, հանգուցեալ Էդուարդ Յովհաննիսեանի 1981ին «Դրօշակ»ի մէջ հրապարակած «Զանգուածների Ապստամբութիւն»ը յօդուածը, որ զարմանալի, նոյն ժամանակ տրամաբանական օրինաչափութեամբ այժմէական է նաեւ ներկայ քաղաքական որոշ գործընթացներու մեկնաբանութեան առումով:
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի անգլերէն եւ ֆրանսերէն յաւելուածներու ու «Հորիզոն Գրական» յաւելուածի խմբագիր Վիգէն Աբրահամեան կը քննէ Հայաստանի ներկայ ճգնաժամի հիմքերը՝ զանոնք յայտնաբերելով երկրի կառավարման համակարգին մէջ:
Փետրուարեան այս թիւով «Դրօշակ»ի խմբագրական կազմը բնականաբար չէր կրնար չանդրադառնալ Փետրուարեան ապստամբութեան յիշարժան եղելութեան, որուն հարիւրամեակը կ՛ամբողջանայ այս թիւի լոյս ընծայման օրը՝ 18 Փետրուարին: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ արձանագրուած այս ճակատագրական իրադարձութեան նուիրուած են Վարդան Պետրոսեանի եւ Անի Մելքոնեանի յօդուածները:
Յօդուածագիրները նաեւ զուգահեռներ կը գծեն մէկդարեայ անցեալի եւ ներկայ գործընթացներուն միջեւ՝ լուսարձակի տակ բերելով անոնց նմանութիւնները եւ անհրաժեշտ դասերը:
«Պատմութեան Լուսարձակ» խորագիրով Աւօ Գաթրճեան կ՛անդրադառնայ թերեւս շատ քիչերուն յայտնի եւ ցայսօր չլուսաբանուած հերոսական էջի մը՝ անցեալ դարու սկիզբին տեղի ունեցած հայ-թաթարական ընդհարումներու պատմութենէն:
Եզրափակելով այս թիւը՝ ընթերցողը ընկերական զրոյցի կը հրաւիրէ գանատահայ գրող եւ հրապարակախօս Վրէժ Արմէն Արթինեան: Հետաքրքրական այս զրոյցին թեման, ֆիզիքականէն վեր, հոգեւոր ու ոգեղէն արժէքներն են, եւ այն, թէ գլխաւորը ինչի՛ համար կ՛ապրի մարդ, ի՛նչ կ՛երազէ եւ յանուն ինչի՛ կ՛ապրի հայը:
«Դրօշակ»ի 2021ի երկրորդ թիւը կրնաք կարդալ՝ այցելելով droshak.am կայքը։