ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Անցնող ամիսներուն, կարելի է ըսել, որ յոռետեսութեան կողքին լաւատեսութեան նշոյլ մը երեւան եկաւ մեր երկնակամարին վրայ: Տարի մը առաջ, թագաժահրի հիւանդութեան դէմ պատուաստ գոյութիւն չունէր: Սակայն այսօր, ինչպէս ծանօթ է բոլորին, շատ մը երկիրներու մէջ դեղագործութեան զանազան ընկերութիւններու գիտնականներ տքնաջան աշխատանքի լծուեցան, պետութիւններ հսկայական նիւթական ներդրումներ կատարեցին եւ մեծ թիւով փորձարկութիւններ կատարուեցան կամաւոր անհատներու վրայ եւ վերջապէս գտնուեցաւ «հրաշք» պատուաստը: Ներկայիս, առաւել քան հարիւր պատուաստի տեսակներ պատրաստութեան մէջ են զանազան երկիրներու մէջ:
Պատուաստի որոշ տարբերակներ արդէն որդեգրուած են շատ մը երկիրներու պետական առողջապահական մարմիններու կողմէ եւ պատուաստումը սկսած է մէկ ամիսէ ի վեր: Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ կը գործածուին Ամերիկեան Moderna-ի Covid-19 եւ Pfizer-BionTech-ի Covid 19 պատուաստները:
Moderna պատուաստը կը տրուի 18 տարեկանէն վեր անձերու: Այս պատուաստը մեր բջիջներուն կը սորվեցնէ արտադրել բնասպիտ (protein) մը, որ ախտամերժութիւն կը յառաջացնէ՝ առանց կենդանի ժահրը ստանալու: Պատուաստումէ ետք մարմինին մէջ կը պատրաստուին հակամարմիններ (antibodies), որոնք կը պայքարին ապագայ վարակումի դէմ, այսինքն մարմինը մուտք գործող ժահրին դէմ: Պատուաստումը կ՛ըլլայ երկու հանգրուաններով: Իւրաքանչիւր հանգրուանի, պզտիկ ասեղով մը բազուկի մկանէն կը սրսկուի 0.5 մլ. հեղուկ պատուաստը: Երկու հանգրուանները կը կատարուին մէկ ամսուան ընթացքին: Երկրորդ հանգրուանի պատուաստէն 14 օր ետք Moderna Covid-19 պատուաստը 94.1 տոկոսով ազդու է արգիլելու թագաժահրախտը, այսինքն առաւելագոյն պաշտպանութիւնը կ՛ըլլայ երկրորդ պատուաստէն 14 օր ետք: Այս պատուաստը կողմնակի մասնաւոր բարդութիւններ չստեղծեր, սակայն որեւէ մէկ պատուաստի նման, անիկա կրնայ յառաջացնել մեղմ ջերմութիւն, ցաւ, դող կամ յոգնածութիւն: Հազուադէպօրէն կը պատահի մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն: Անոնք, որոնք բացայայտ մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն ունին, շատ զգուշ պէտք է ըլլլան կամ պէտք չէ ստանան այս պատուաստը:
Pfizer-BioNTech-ի Covid 19 պատուաստը կը տրուի 16 տարեկանէն վեր անձերու: Անիկա հիմնականօրէն կը պարունակէ mRNA-ը, որ Ribonucleic acid-ն է: Պատուաստումը այս պարագային դարձեալ կ՛ըլլայ երկու հանգրուաններով: Իւրաքանչիւր հանգրուանի կը սրսկուի 0.3 մլ. հեղուկ պատուաստը պզտիկ ասեղով մը բազուկի մկանէն: Երկու հանգրուանները կը կատարուին 21 օրերու ընթացքին: Երկրորդ պատուաստումէն շաբաթ մը ետք այս պատուաստը 95 տոկոսով ազդու է արգիլելու թագաժահրախտը, այսինքն առաւելագոյն պաշտպանութիւնը կ՛ըլլայ երկրորդ պատուաստէն շաբաթ մը ետք: Այս պատուաստը կը գործէ նախորդին նման:
Երկու պատուաստներն ալ ապահով են եւ վաւերացուած են Առողջապահական միջազգային կազմակերպութեան կողմէ եւ Գանատայի ու Միացեալ Նահանգներու առողջապահական մարմիններուն կողմէ: Մանուկներ եւ ընդհանրապէս յղի կիներ պէտք չէ ստանան թագաժարախտի դէմ որեւէ տեսակի պատուաստ:
Անոնք, որոնք անցեալին վարակուած են այս հիւանդութեամբ կրնան ստանալ պատուաստը: Իսկ անոնք, որոնք Tylenol, Motrin եւ Advil կը գործածեն պատուաստը ստանալէ երկու օր առաջ պէտք է դադրին այս դեղերը գործածելէ, որովհետեւ անոնք արգելք կը հանդիսանան մարմնին մէջ հակամարմիններու կազմութեան:
Վերոյիշեալ երկու պատուաստներէն բացի, արդէն կ՛արտադրուին այլ պատուաստներ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ Novavax եւ Johnson and Johnson adeno-26 պատուաստները: Հոս տեղին է յիշել նաեւ, որ Չինաստան եւ Ռուսիա ունին իրենց առանձնայատուկ պատուաստները, որոնք կը կիրարկուին իրենց ժողովուրդին:
Հարկ կը զգամ անդրադառնալու թագաժահրախտին վերաբերող կանխազգուշական կարգ մը կարեւոր ուղեցոյցներու եւ ցուցմունքներու, որոնք կը միտին բոլորին առողջութեան եւ ապահովութեան.
– Հետեւիլ պետական-առողջապահական կեդրոններու ամէնօրեայ յայտարարութիւններուն, ցցմունքներուն եւ թելադրութիւններուն:
– Հեռաձայնել առողջապահական յատուկ գրասենեակ մը, երբ ճամբորդութենէ նոր վերադարձած էք եւ ջերմութիւն ունիք:
– Կատարել թագաժահրախտի քննութիւնը վարակուած անձի մը հանդիպելէ ետք: Դրական պատասխանի պարագային պէտք է մեկուսանանք 14 օր:
– Դնչակալ գործածել հանրութեան մէջ, վարակուած ըլլանք կամ ոչ եւ երկու մեթր հեռաւորութիւն պահել ուրիշներէ:
– Հաւանական վարակուած անձերը, որոնք ախտանշաններ չունին պէտք է ինքնամեկուսանան:
– Ձեռնոցի գործածութիւնը պարտաւորիչ չէ: Նոյն ձեռնոցը մէկ անգամ գործածել:
– Ձեռնոցի գործածութիւնը օգտակար է պաշտպանուելու համար ժահրով ծածկուած կամ կասկածելի իրերէ, առարկաներէ եւ մակերեսներէ: Անոր գործածութիւնը պէտք է ըլլայ շատ ուշադրութեամբ: Ձեռնոցը գործածելէ ետք չշփել երեսը, քիթը, բերանը եւ աչքերը: Ինքնապաշտպանութեան ձեռնոցը զգուշութեամբ հանել ձեռքէն, որպէսզի թագաժահրերը չփոխադրուին մեր ձեռքին վրայ:
– Վաճառատուն մտնելու եւ ելլելու պահուն հականեխել ձեռքերը:
– Վաճառատան մէջ շատ ապրանքներու չդպնալ:
– Վաճառատունէն տուն վերադառնալէ ետք ձեռքերը շատ լաւ լուալ:
– Հետեւիլ առաղջութեան՝ ֆիզիքական եւ մտային մարզանք ընել, սննդարար կերակուր ուտել եւ առատ ջուր խմել:
– Կատարել սովորական եւ ընթացիկ առողջապահական միջոցառումներ՝
– Ինքնամեկուսացում.
– Չձեռնուիլ, չհամբուրուիլ եւ երես-երեսի հպում չունենալ.
– Բարեւել ձեռքի եւ գլխու շարժումով կամ արմուկները իրար դպցնելով.
– Ձեռքերը լուալ յաճախ ջուրով եւ օճառով կամ շփել նուազագոյնը 60 տոկոս ալքոլ պարունակող հեղուկներով.
– Ձեռքերը աչքերուն, քիթին եւ բերանին չտանիլ.
– Հազալ եւ փռնգտալ արմուկին մէջ կամ թուղթէ թաշկինակի մէջ ու զայն անմիջապէս թափել աղբամանին մէջ.
– Չմօտենալ հազացող եւ փռնգտացող անձերու.
– Օրական 6-8 ժամ քնանալ եւ ամէն օր լոգնալ տաք ջուր-օճառով.
– Հում միս չուտել.
– Ուտել բնասպիտով հարուստ եւ քիչ շաքար պարունակող կերակուր, ինչպէս նաեւ գունաւոր պտուղներ եւ բանջարեղէն.
– Բանջարեղէնը եւ պտուղները լաւ լուալ, ապա ձեռքերը օճառով լուալ.
– Բաւարար Տ կենսանիւթ (vitamin D) խմել, արեւու ճառագայթէն օգտուիլ օրական 30 վայրկեան.
– Աւելորդ կենսանիւթեր չգործածել, որովհետեւ անոնք յատուկ դերակատարութիւն չունին թագաժահրէ պաշտպանուելու ճիգին մէջ.
– Աւազաներու մէջ յարգել երկու մեթր հեռաւորութեան պայմանը.
– Հաւաքական աւազաններու մէջ առանձին բաղնիք եւ լուացարան գործածել:
– Ինքնամեկուսացումի ընթացքին ընկճուածութենէ եւ ճնշուածութենէ հեռու մնալու համար կատարել ֆիզիքական եւ մտային զանազան մարզանքներ՝ կարդալ, գրել, գծել, երաժշտութիւն ունկնդրել, հեռատեսիլի հետեւիլ, հարազատներու հետ հեռաձայնով խօսիլ եւ մարմնամազանքի հետեւիլ.
– Լաւատես, համբերատար, հանդարտ եւ խոհեմ ըլլալ.
– Խուճապի չմատնուիլ, դրական կեցուածք ունենալ կեանքի հանդէպ.
– Անհատապէս եւ հաւաքաբար, այս ծանրակշիռ օրերուն, ըլլալ շրջահայեաց, կատարել անհատական ինքնապաշտպանութիւն եւ հաւաքական պաշտպանութիւն՝ ի շահ մեր անձին եւ մեր շուրջիններուն:
***
Ըստ Միջազգային առողջապահական կազմակերպութեան 2 Փետրուար 2021ի տուեալներուն՝ ամբողջ աշխարհի մէջ մինչեւ օրս վարակուածներու թիւը 103 միլիոն է, իսկ մահացածներունը՝ 2,232,000:
Միացեալ Նահանգներու մէջ վարակուածնրու թիւը 26 միլիոն է, իսկ մահացածներունը՝ 437,964.
Գանատայի մէջ վարակուած ներու թիւը 778,972 է, մահացածներունը՝ 20,032.
Ֆրանսայի մէջ վարակուածներու թիւը 3 միլիոն է, մահացածներունը՝ 76,114.
Սպանիոյ մէջ վարակուածներու թիւը 2.7 միլիոն է, մահացածներունը՝ 57,806.
Իտալիոյ մէջ վարակուածներու թիւը 2.5 միլիոն է, մահացածներունը՝ 88,845.
Հայաստանի մէջ վարակուածներու թիւը 167,231 է, մահացածներունը՝ 3089.
Լիբանանի մէջ վարակուածներու թիւը 303,072 է, մահացածներունը՝ 31,425:
Լաւագոյնը կը մաղթեմ ամբողջ մարդկութեան: