ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահները (Իկոր Փոփով` Ռուսիայէն, Սթեֆան Վիսքոնթին` Ֆրանսայէն եւ Էնտրիւ Շոֆեր՝ Միացեալ Նահանգներէն)
16 Փետրուարին, առցանց խորհրդակցութիւններ ունեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ:
Զրոյցներուն մասնակցաւ նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:
«Նախարարներուն հետ համանախագահները միտքերու երկար եւ բովանդակային փոխանակում ունեցան` տարածաշրջանի կայունութեան խթանման, միջնորդական գործընթացին եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին դերին վերաբերող հարցերու շուրջ», կ՛ըսուի համանախագահներուն տարածած հաղորդագրութեան մէջ: