ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Նկատի ունենալաով այն իրողութիւնը, որ վարակումներու տարածման տուեալներուն թիւերը նուազած են՝ նահանգին սահմանած համեմատութենէն ցած (յաջորդական 5 օրերու ընթացքին՝ իւրաքանչիւր 100,000 քաղաքացիներու դիմաց 25 կամ նուազ վարակումներ), Քալիֆորնիոյ, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի առողջապահութեան մարմինները որոշեցին դպրոցները աստիճանաբար վերաբանալ։
Նախնական հանգրուանին, պիտի վերաբացուին մինչեւ 6րդ դասարան, անշուշտ յարգելով դիմակ կրելու, հեռաւորութիւն պահպանելու, քննութիւններու համակարգ հաստատելու եւ ապահովական այլ պայմանները։
7-12 դասարանները կրնան վերաբացուիլ, երբ իւրաքանչիւր 100,000 քաղաքացներու դիմաց 7 կամ նուազ վարակումներ արձանագրուին յաջորդական 5 օրերու ընթացքին։
Մինչ այդ, 16 Փետրուար 16ին հաղորդուեցաւ, որ Լոս Անճելըս գաւառին մէջ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին, համաճարակին հետեւանքով արձանագրուած են 120 մահեր եւ վարակուած են 1260 անձեր, ընդհանուր թիւերը հասցնելով յաջորդաբար 19,215ի եւ 1,169,550ի։
Քալիֆորնիոյ պարագային, այդ թիւերը յաջորդաբար 47,498 եւ 3.5 միլիոն են, իսկ Միացեալ Մահանգներու պարագային՝ 499,000 եւ 28 միլիոն։