ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ անցեալ շաբաթ հիւսիսային Իրաքի մէջ թրքական զինեալ ուժերու գործողութեան ընթացքին յայտնաբերուած են «ահաբեկիչներու» կողմէ առեւանգուած 13 թուրք «անմեղ քաղաքացիներ»ու մարմիններ: Աւելի ուշ ի յայտ եկաւ, որ զոհերուն մէջ կան նաեւ զինուորականներ եւ ոստիկաններ, որոնք գերի բռնուած էին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն դէմ բախումներու ընթացքին։
Նշենք, որ ըստ թրքական աղբիւրներու, անցեալ շաբթուան գործողութեան ընթացքին սպաննուած են 48 քիւրտեր։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան այս առիթը օգտագործեց՝ դարձեալ յարձակելու համար Ուաշինկթընի եւ ՆԱԹՕի վրայ, պնդելով, որ անոնք «ահաբեկիչներուն կողքին կը կանգնին», ակնարկելով հաւանաբար Սուրիոյ քիւրտերուն աջակցելու՝ Ուաշինկթընի կեցուածքին:
Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս հաղորդեց, որ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ եւ շեշտած թուրք-ամերիկեան երկկողմանի երկարամեայ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, ահաբեկչութիւնը դիմակայելուն մէջ երկու երկիրներու հասարակաց շահը, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական կառոյցներու եւ մարդկային իրաւունքները յարգելու կարեւորութիւնը:
Պլինքըն նաեւ ցաւակցութիւն յայտնած է հիւսիսային Իրաքի մէջ թուրք պատանդներու սպանութեան համար եւ վերահաստատած իր տեսակէտը, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ահաբեկիչները կը կրեն անոր պատասխանատուութիւնը:
Ան նոյն ժամանակ Թուրքիոյ կոչ ուղղած է չպահելու ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը:
Միւս կողմէ, թրքական իշխանութիւնները արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեցին Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը` Ուաշինկթընի կողմէ Իրաքի մէջ թուրքերու սպանութեան վերաբերեալ Ուաշինկթընի նախնական կեցուածքին պատճառով, որ ըստ Անգարայի, բաւական խիստ չէր…
Թրքական իշխանութիւնները նաեւ ձերբակալեցին 700 անձեր, որոնք, ենթադրաբար, անջատողականներուն հետ կապեր ունին: Անոնց շարքին էին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղական ղեկավարներ, որոնք ձերբակալուեցան 40 նահանգներու մէջ գործողութիւններու ընթացքին: