ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կիրակի, 14 Փետրուարին, 15 հայ ուխտաւորներ կարելիութիւնը ունեցան այցելելու Դադիվանքի վանական համալիրը:
Լուրը հաղորդեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողները, ռուս խաղաղապահներուն ընկերակցութեամբ թոյլ կու տան ուխտաւորներու անխոչընդոտ մուտք գործելու համալիրի տարածքը:
Նշենք, որ ապահովութեան յատուկ խաղաղապահներու դիտակէտերէն մէկը կը գտնուի ճարտարապետական կոթողի անմիջական հարեւանութեամբ: