ՈՂԲԱՑԵԱԼ ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՔՐԻՍՏԻՆԵԱՆԻ ԲԱՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2020ին, պսակաձեւ ժահրը մեզմէ խլեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի մեծանուն գրող, գրականագէտ, խմբագիր եւ բառին խորագոյն իմաստով բարի ու ազնիւ անձնաւորութիւն մը՝ դոկտ. Գէորգ Քրիստինեանը։
Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ մտաւորականներու նօսրացած շքահոյլին մէջ, իր ուրոյն տեղը ունի ողբացեալ դոկտ. Գէորգ Քրիստինեան։ Ան 92 տարիներու Աստուածապարգեւ իր կեանքը լիուլի արժեւորեց մեր «փոքր ածուին» գրական հսկայ ժառանգ մը ձգելով։ Մենք, գրող կամ գրականագէտ չենք բարին մասնագիտական իմաստով, բայց իբրեւ մոլի ընթերցող՝ մեծ սէր ունինք քննական մօտեցումով ընթերցումներ կատարելու։ Դոկտ. Քրիստինեան ովկիանոսածաւալ գրական իր ժառանգէն քանի մը հատորներ նուիրած էր մեզի եւ մենք մեծ հաճոյքով կարդացած ենք այդ գիրքերը, խոր տպաւորութիւն ունենալով հեղինակին գրիչէն եւ մարդկային նկարագիրէն։
Ողբացեալ Քրիստինեանի գրականութեան մէջ մենք տեսած ենք համայնագիտարանի հարստութեամբ օժտուած գրող մը։ Բայց այսօր մեր նպատակը անոր գրական եւ հրապարակագրական ժառանգը ներկայացնել չէ, այլ մեր սրտի խօսքը ըսել դոկտ. Գէորգ Քրիստինեանի յաւիտենական մեկնումին տխուր առիթով՝ իբրեւ ծաղկեպսակ իր շիրիմին վրայ զետեղելու համար։
***
Հանգուցեալ դոկտ. Քրիստինեանի բուն անունն է Գէորգ Գասպարեան, իսկ մենք զինք մտերմաբար կը կոչէինք մըսթըր Ճորճ, կամ՝ տոն Խորխէ։
Հանգուցեալը ճանչցած ենք «Նաւասարդ» գրական ամսագիրի շրջանակին մէջ։ Ժամանակին, Կլենտէյլի մէջ լոյս կը տեսնէր ամբոողջ Միացեալ նահանգներու մէջ միակ գրական թերթը՝ «Նաւասարդ»ը։ Այս թերթին խմբագիրն էր Հալէպ ծնած, Պէյրութ հասակ առած ծանօթ գրող հանգուցեալ Արմէն Տօնոյեան։ Այդ գրական թերթին շուրջ հաւաքուած էին երեք հայ կուսակցութիւններէ, երեք յարանուանութիւններէ, Հայաստանէն եւ զանազան երկիրներէ եկած եւ Լոս Անճելըս հաստատուած գրողներ, անոնցմէ մին եւ մշտապէս այցելողն էր հանգուցեալ Քրիստինեան: Ես՝ իբրեւ այս թերթին վարչութեան անդամ, փոխատենապետ, ապա երկու տարի եւս ատենապետ, միշտ ալ թերթի խմբագրատունը, որ իմ գրասենեակիս ալ մօտ էր, կը հանդիպէի: Հոն էր որ առաջին անգամ տեսանք եւ ծանօթացանք պարթեւահասակ, ֆիզիքականով շատ ներկայանալի, Հայաստանի ջուրը խմած եւ օդը շնչած ողբացեալ Գէորգ Քրիստինեանին։ «Դուք Ձեր ֆիզիքականով, ճիշդ քաղաքը եկած էք, քանի որ հոս Հալիվուտի քաղաքն է եւ դուք ձեր հասակով եւ դէմքով եւ ֆիզիքականով շատ լաւ ֆիլմի դերասան կրնաք ըլլալ Հալիվուտի մէջ», եղաւ իմ առաջին խօսքս անոր։
«Նաւասարդը» փակուելէ ետք, յաճախ սկսանք տեսնուիլ Կլենտէյլի Պերճ Տէր Սահակեանի «Գրատուն Պերճ»ին մէջ։ Հոն եւս գրողներու եւ մտաւորականներու ժամադրավայր մըն էր, մնայուն այցելուներէն էր դոկտ. Գէորգ Քրիստինեան։ Ան մեր յաճախորդը ըլլալով՝ ժամացոյցի ճշդապահութեամբ ամէն ամիս զինք պիտի տեսնէինք, ինքնաշարժի ապահովագրութեան վճարումը ընելու համար եւ Պերճ գրատուն երթալու ատեն։ Այդ ծանօթութիւնները պատճառ եղան որ մենք Քրիստինեանի գրութիւնները հայ մամուլին մէջ տեսնելով՝ կարդալու զանոնք։
Մեր յարաբերութիւնները շարունակուեցան մինչեւ անոր կարճատեւ հիւանդութիւնը եւ անոր՝ մեզմէ յաւերժ բաժնուիլը։
Ամէն ամիս դոկտ. Քրիստինեանը տեսնելու առիթը կ՛ունենայի եւ շատ հաճելի եւ քաղցր «զրոյցներ» կ:ունենայինք։ Հանգուցեալը շատ կ՛ուրախանար եւ կը քաջալերէր գրականութեան աշխարհ մուտք գործող նորեկ գրողները, անոնց մասին քաջալերական գրութիւններով, շինիչ եւ բարերար յօդուածներով իրենց գրականութիւնը աւելի յաջող դարձնելու ուղղութեամբ կաշխատէր։
Ան Քալիֆորնիոյգրական բոլոր միութիւններուն մէջ վարչական եղած է, փոխատենապետ եւ ատենապետի պաշտօններ վարած է։ Իբրեւ մեծահոգի մարդ՝ միշտ ալ գրական միութեան ձեռնարկներուն կ՛աշխատէր երիտասարդները եւ նոր գրողները քաջալերել ու թոյլ կու տար անոնց՝ ելոյթ ունենալու, որպէսզի քաջալերուին գրական աշխարհին մէջ։
Բնաւ չենք յիշեր, որ օր մը դոկտ. Քրիստինեան ոեւէ գրողի կամ գրականագէտի գործերը նսեմացնող արտայայտութիւններ ունենայ։ Բան մը՝ որ մեծապէս տպաւորած է զիս եւ մեծ յարգանք յառաջացուցած է իմ մօտ այս պատուական գրողին հանդէպ։
Նորեկները քաջալերող, սխալները մեղմութեամբ եւ քնքշութեամբ շտկող «պապա» գրող մը եղած է ան, որուն համար արժանացած է բոլոր զինք ճանչցողներուն սիրոյն եւ յարգանքին։
Արդարեւ, Աստուծոյ եւ բնութեան հանդէպ մեղանչած պիտի ըլլանք, եթէ գանգատինք, դժգոհինք եւ ցաւինք ողբացեալ դոկտ. Գէորգ Քրիստինեանի մահուան առիթով, որովհետեւ Աստուած շատ շռայլ եղած էր հանգուցեալին հանդէպ, անոր երկար եւ պատուաբեր ու արգասաբեր կեանք մը շնորհելով։ Առողջ եւ կայտառ էր. մինչեւ 92 տարեկան ինքնաշարժ կը վարէր: Մեր գրասենեակը, որ երկրորդ յարկի վրայ էր, առանց դժուարութեան կը բարձրանար, յոգնութեան ոչ մէկ նշան ցոյց տալով, բայց ասկէ աւելի ու մանաւանդ այդ տարիքին նոյնիսկ իր բարեկամներուն եւ ընկերներուն հանդէպ անոնց ուրախ կամ տխուր առիթներուն կ՛երթար իր շնորհաւորական եւ մխիթարական խօսքերով կը սփոփէր ու կ՛ուրախացնէր զանոնք։
Քանի մը տարի առաջ, թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի բարեխօսութեամբ՝ հանգուցեալ դոկտ. Քրիստինեան արժանացաւ Գարեգին Բ.ի Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ բարձր շքանշանին եւ Սրբատառ կոնդակին։ Անշուշտ մենք ալ ներկայ էինք այդ սրտաշարժ արարողութեան։
Քանի մը օր ետք, երբ ան մեր գրասենեակը եկաւ, խօսեցանք այդ շքանշանին եւ արարողութեան մասին։ Հանգուցեալը շատ ուրախ եւ հպարտ էր, իր աչքէն արցունքի կաթիլներ կը հոսէին: «Ինչ օգուտ տիկինս Ռոզան չտեսաւ այդ հոյակապ արարողութիւնը», ըսաւ ան: Մենք ալ շատ յուզուած՝ ըսինք իրեն. «Տիկինդ Ռոզան հոգիով եկեղեցին էր եւ վերէն կը հետեւէր այդ արարողութեան»։ Ասիկա ցոյց կու տայ հանգուցեալի սէրը եւ կապուածութիւնը իր թանկագին կողակիցին՝ Ռոզային հետ, որուն ոչ միայն բանաստեղծական գոհարներ նուիրած, այլ ամէն վայրկեան իր միտքէն եւ մտածումէն չէր հեռանար անոր սիրունատես հրեշտականման տիկինը։
Թող Աստուած մեր սիրելի Գէորգ Քրիստինեանի հոգին իր տիկնոջ հետ միացնէ իր երանաւէտ դրախտին մէջ, իսկ իր զաւակներուն՝ Յակոբին եւ Գոհարին, հանդերձ ընտանեօք եւ բոլոր հարազատները շարունակեն ապրիլ միշտ հպարտութիւնը ունենալով, որ իրենք Գէորգ Քրիստինեան բարեհամբաւ, ազգասէր եւ մեծ հայրենասէրի ժառանգորդներն են։
Հողը թեթեւ ըլլայ վրադ թանկագին վարպետ։