ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ուսուցիչներու ամերիկեան դաշնակցութեան գործադիր խորհուրդը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ շեշտեց, թէ անոր դասաւանդումը դիւրացնելու համար, դաշնակցութեան անդամ 1.7 միլիոն ուսուցիչներուն պէտք է դասաւանդման նիւթեր տրամադրուին։
Բանաձեւը ներկայացուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ յաճախ գործակցած Ինկրիտ Կունելի կողմէ, որ անդամ է Լոս Անճելըսի ուսուցիչներու միութեան։
«Բանաձեւը ազդու պատգամ մըն է Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի տարածքին Թուրքիոյ ամօթալի ուրացման արշաւը ջատագովողներուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
«Անկասկած, մեր դաստիարակները կը մնան ցեղային, ընկերային եւ քաղաքացիական իրաւանց կարեւոր ջատագովներ», իր կարգին ըսաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կրթական հարցերու յանձնախումբի ատենապետ Ալիս Պետրոսեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Ուսուցիչներու ամերիկեան դաշնակցութեան եւ բանաձեւին յաջողութեան մէջ կենսական դերակատարութիւն ունեցած Ինկրիտ Կունելին եւ Թալիս Աստուրեանին (Կլենտէյլի ուսուցիչներու միութեան ատենապետ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կրթական հարցերու յանձնախումբի անդամ)։