ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ օրէնսդրական հայկական համախմբումին եւ Փոքր ծաւալի առեւտուրի վարչութեան կազմակերպութեամբ, 3 Մարտին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ, առցանց քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ համաճարակէն տուժած գործարարներուն տրամադրուող նահանգային եւ այլ աջակցութիւններու մասին։
Քննարկումին պիտի մասնակիցին նահանգային ծերակուտականներ Պապ Արքուլեթա, Էնթընի Փորթանթինօ եւ Սքաթ Ուիլք, ինչպէս նաեւ նահանգային խորհրդարանականներ Լօրա Ֆրիտմըն, Ատրին Նազարեան եւ Լուզ Ռիվազ։
Անվճար արձանագրուելու համար այցելել կայքը, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (916) 396-9738 թիւին կամ CAArmenianCaucus@gmail.com հասցէին։