ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է, որ դիմած է իրաւապահ մարմիններուն` մեղադրանք ներկայացնելով ատրպէյճանցի կնոջ մը դէմ, որ յայտարարած է, թէ կը փափաքի 20 հայ գլխատել։ Այս մասին գրած է «Էրմենի Հապեր»ը։
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ կատարուող հարցախոյզներէն մէկուն ընթացքին ատրպէյճանցի կնոջ մը հարցուցած են, 21 ինչ կրնայ ընել, եթէ գիտնայ, որ իր ըրածը իրեն դէմ որեւէ հետեւանք պիտի չունենայ. ան առանց երկմտելու պատասխանած է. «Ես 20 հայերու գլուխը կը կտրէի»: