ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները առցանց հանդիպում մը ունեցան Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Սքաթ Ուիլքի հետ, քննարկելով Հայկական Հարցին եւ նահանգին հետ Հայաստանի եւ Արցախի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելուն վերաբերող կարգ մը հարցեր:
Յիշեցնենք, որ անցեալ ամիս Հայ Դատը շնորհաւորած էր Ուիլքը՝ Ծերակոյտի հանրապետականներու համախմբումին ղեկավարը ընտրուելուն առիթով։
Հայանպաստ իր գործունէութեամբ ծանօթ ծերակուտականը հիմնադիր անդամ է Քալիֆորնիոյ օրէնսդրական հայկական համախմբումին եւ Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի ու Արցախի առեւտուրի եւ արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբին. ան այցելած է Հայաստան եւ Արցախ։
«Հաւատարիմ մնալով մեր առաքելութեան՝ կը շարունակենք դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական պաշտօնատարներու հետ մեր աշխոյժ խորհրդակցութիւնները եւ երախտապարտ ենք ծերակուտական Ուիլքի հայանպաստ քայլերուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։