Նախիջեւանիկ գիւղը կը գտնուի Ասկերան քաղաքի մօտաքայքը: Դէպի գիւղ տանող ճանապարհէն տեսանելի են վերջերս հաստատուած նոր բնագծերը: Նախիջեւանիկցիները արդէն հեռուէն կը հետեւին իրենց մշակած այգիներուն: Նոր հաստատուած սահմանագիծերէն ետք, լայնատարած արօտավայրեր եւ այգիներ ինկած են թշնամիին ձեռքը:
Նախիջեւանիկի դպրոցի պատմութեան ուսուցիչ, ՀՅԴ Ասկերանի կոմիտէի անդամ Արեն Սարուխանեանի խօսքով` նախապէս երբեք նմանօրինակ կացութիւն չէ ստեղծուած:
«GPS-ով անկանոն, ծուռումուռ նոր սահման են գծել, որն անցնում է մեր գիւղի այգիների, արտերի միջով: Յոյս ունենք, որ այն կը փոխուի…», կը յայտնէ ան:
Պատերազմէն ետք ստեղծուած այս նոր պայմանները բոլորին համար ալ ծանր են, բայց Սարուխանեան երբեք չընկճուիր: Ան կը փորձէ աւելի լաւ ապագայի իր յոյսը փոխանցել աշակերտներուն, շարունակ խանդավառութիւն ստեղծելով:
Վերջին տարիներուն դպրոցի աշակերտներուն թիւը կ՛աճի: Նախորդ տարուան 88ին փոխարէն, այս տարի դպրոցը կը յաճախեն 96 աշակերտներ: Նախիջեւանիկի Գէորգ Յակոբեանի անուան միջնակարգ դպրոցը կը յաճախեն Նախիջեւանիկ, Սառնաղբիւր, Վարդաձոր եւ Արանզամին գիւղերու մանուկները:
Ըստ դպրոցին տնօրէնին՝ Գալինա Մեժլումեանի՝ աշակերտներու թիւին բարձրացումը պատճառ հանդիսացած է, որ դասարանները բաւարար չըլլան: Նորոգման աշխատանքները պատերազմին պատճառով յետաձգուուած էին:
Նախիջեւանիկի մէջ, այս օրերուն, դժուար է հողագործութեամբ ու անասնապահութեամբ զբաղիլը: Սակայն պատերազմական գործողութիւններէն ետք, տեղահանուած բոլոր բնակիչները վերադարձած են: Նաեւ Շուշիէն տեղահանուած ընտանիք մը հոն հաստատուած է:
«ԱՊԱՌԱԺ»