ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Շուէտ-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբը յայտարարութեամբ մը կոչ ըրաւ Ատրպէյճանին, որ անյապաղ վերադարձնէ բոլոր հայ գերիներըը՝ շեշտելով, որ Պաքու պէտք է յարգէ գերիները «բոլորը՝ բոլորին փոխարէն» սկզբունքով փոխանակելու վերաբերեալ իր ստանձնած պարտաւորութիւնը:
Խումբը շեշտեց, թէ գերիներուն անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու վերադարձը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վստահութեան մթնոլորտի վերականգման առաջին քայլերէն մէկը պիտի հանդիսանայ: «Կոչ կ՛ընենք նաեւ Եւրոպական Միութեան մարմիններուն, որ Ատրպէյճանի հետ ներկայ եւ ապագայ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ հետեւողականօրէն բարձրացնեն մարդասիրական այս հարցը», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ: