ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գերիներու փոխանակման վերաբերեալ հարցերուն շուրջ, դարձեալ շեշտելով, որ այս հարցին տրամաբանական լուծումը՝ «բոլորը՝ բոլորին փոխարէն» ձեւաչափը պէտք է ըլլայ։
Զախարովա անդրադարձաւ նաեւ Արցախի Ասկերանի շրջանին մէջ, Ատրպէյճանի կողմէ Աւետարանոց գիւղի Համաշխարհային Բ. պատերազմի զոհերու յիշատակին ձօնուած յուշարձանի պղծման։ Ան նշեց, որ անթոյլատրելի է որեւէ յուշարձանի պղծումը եւ դիտել տուաւ, որ այդ տեղեկութիւնը ստանալէ ետք կապ հաստատուած է ատրպէյճանցի պաշտօնատարներուն հետ։ «Անոնք ընդունեցին, թէ յուշարձաններու պղծումը արձանագրուած է Ատրպէյճանի կողմէ եւ թէ սկսած է հետաքննութիւն՝ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար։ Կը փափաքէի, որ մենք միասնական ըլլայինք յուշարձաններու պղծման դէմ պայքարին մէջ», եզրակացուց Զախարովա։