ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները առցանց հանդիպում մը ունեցան Քալիֆորնիայէն քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի (Դ., 28րդ ընտրատարածք) հետ, քննարկելով կազմակերպութեան եւ շրջանի հայութեան համար առաջնահերթ քաղաքական կարգ մը հարցեր:
Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն կողմէ շեշտուեցան յատկապէս Հայաստանին եւ Արցախին օժանդակութիւններ տրամադրելու, Ատրպէյճանի ռազմական աջակցութիւնները կասեցնելու եւ Անգարայի ու Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու կարեւորութիւնը, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ու Հայաստանի վրայ յարձակումին լոյսին տակ:
«Քոնկրեսական Շիֆ իր քոնկրեսական ասպարէզի 20 տարիներուն ընթացքին, ամերիկահայ համայնքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն ջատագովը եղած է, յատկապէս իրագործելով իր համահեղինակած եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին հաստատումը», ըսաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ յոյս յայտնելով, որ սերտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի:
Շիֆ նաեւ ջատագոված է Արցախի անկախութան ճանաճչումը եւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութեան սերտացումը։
Նշենք, որ քոնկրեսական Շիֆ շարունակաբար ստացած է Հայ Դատի բարձրագոյն գնահատականը՝ A+ եւ 2003ին արժանացաւ նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Ազատութիւն» մրցանակին: