ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը հաստատեց Սիւնիքի մարզի Շուռնուխ եւ Որոտան բնակավայրերուն մէջ գտնուող եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած բնակելի կառոյցներու տէրերուն ու անոնց ընտանիքներուն օգնութեան տրամադրումը: Ըստ վաւերացուած նախագիծին՝ այս նախաձեռնութեան նպատակն է՝ ընկերային աջակցութիւն տրամադրել նշեալ քաղաքացիներուն (որոնց կարգին մանուկներուն), որոնք մինչեւ 27 Սեպտեմբեր 2020, առնուազն վերջին 3 ամիսներուն, համայնքի ղեկավարին կողմէ տրուած տեղեկանքին համաձայն, փաստացիօրէն բնակած են հոն:
Ընկերային աջակցութիւնը կը տրամադրուի միանուագ դրամական օգնութեան ձեւով` իւրաքանչիւր շահառուի համար 300,000 դրամ: Շահառու հանդիսացող անչափահաս մանուկներուն դրամական օգնութիւնը կը տրամադրուի ծնողքին կամ խնամատարին։