ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ
Անդունդի եզրին կանգնած է մեր երկիրը՝ երերուն վիճակով: Խորապէս մտահոգ ենք: Կը սարսափինք ներկայէն ու ապագայի պատկերացումներէն, երբ աչքի առջեւ բերենք իրապաշտ հետեւանքները:
Սփիւռքն ալ կարծէք թէ սառած է, անզօր եւ թեւաթափուած…
Երկրի իշխանութեան (եթէ տակաւին գոյութիւն ունի) «վառ երեւակայութիւն»ը մեզ ամէն օր քայլ առ քայլ դէպի անէացում կ՛առաջնորդէ: Ա՛լ դադրած ենք զարմանալէ, որովհետեւ երկիրն ու ժողովուրդը քայքայիչ ու դաւադիր քայլերով յամառօրէն պարտութեան մատնած ու հայրենի հողեր պատառ-պատառ թշնամիին յանձնող տհաս իշխանութեան տեսողութիւնը բնականաբար իր քիթէն անդին չի կրնար հասնիլ: Եւ իրաւունք ունինք հարց տալու. «Արդեօք յանուն ոչինչի՞ այս բոլորը»:
Հայրենի զանգուածին մէջ յայտնապէս կայ հետեւեալ մտածումը. եթէ թուրքը իմ «հայաթս» մուտք չէ գործած, ուրեմն ամէն բան կարգին է, կարելի է մինչեւ իսկ երազել, որ կարելի է համերաշխութեամբ ու խաղաղութեամբ ապրիլ թուրքին հետ, վտանգ չկայ: Իշխանութիւնը կը ճգնի արդարօրէն բողոքի ձայն բարձրացնող եւ ոտքի ելած ընդդիմութիւնը մեղադրել, թէ՝ աթոռակռիւի ելած է, ու «թուրք-ազերիին հետ տնտեսական բարգաւաճում պիտի ապրինք»ի օրօրներով կը քնացնէ բարեմիտ ժողովուրդը: Նոյն ատեն, իրենց անգոյ միտքի «փայլուն թռիչքները»ով կը փորձեն փշրել ազգային բոլոր երազանքներն ու տեսլականները, որոնց շօշափելի արգասիքը հանդիսացած էր Արցախի ու մանաւանդ Շուշիի պատմական ազատագրումը:
Ընդդիմութիւնը ամէն ջանք կը թափէ, բայց գործնապէս տեղքայլի մէջ է, որովհետեւ գործ ունի այն իշխանութեան եւ անով հմայուած մոլորեալներու հետ, որոնք Արամ Մանուկեանը ծնած Շուշին կը համարեն… թրքապատկան: Հիմա արդէն արեւու լոյսին պէս յստակ է, թէ ի՛նչ էին նպատակն ու աղբիւրը՝ աւելի քան տարի մը առաջ, համալսարանական դասածրագիրէն հայոց պատմութեան դասաւանդումը ոգի ի բռին զեղչելու մոլուցքին: Հայոց պատմութիւնը եւ անոր ուսանելի դասերը Շուշիի մասին նման մտածողութեամբ «վերախմբագրող» իմաստակ նորելուկները պիտի ուզէի՞ն, որ պայքարի պատմութիւն եւ մշակոյթի օճախ եղող Արցախն ու Շուշին իրենց իսկական դիմագիծով հասնին նոր սերունդներուն…
«Դէ՜, ե՛կ, վարդապե՛տ ու մի՛ խենթանայ…»
Արդարամտութիւնը լարենք եւ տրամաբանութեան բոլոր երանգներով եզրակացնենք: Ի վերջոյ այսօրուան իրավիճակը պէտք է լաւ հասկնանք եւ մեր «մատը վէրքին վրայ դնենք»: Ճի՛շդ է. ատիկա աւելի՛ պիտի ցաւցնէ մեր վիրաւոր ինքնութիւնը, սակայն դարմանումի յոյս եւ շունչ պիտի ներարկէ մեր ազգային ոգիին: Վէրքը դարմանելու ելած վիրաբուժը չ’երկմտիր վիրաւորը պահիկ մը ցաւցնելէ, քիչ ետք ցաւը ամոքելու դիտաւորութեամբ:
Անհրաժեշտ է որ արդար մօտեցումով ախտաճանաչում ընենք եւ վերատեսութեան ենթարկենք մեր մարտավարական հնարքները, որպէսզի կարեւոր դասեր սորվինք անցնող քանի մը ամիսներու մեր ապրած դաժան փորձառութենէն: Հասկնանք ի վերջոյ, որ հայրենիքի փրկութեան սուրբ գործը կարելի է իրականացնել բացառաբար անվերապահ ու անշահախնդիր նուիրումով՝ բոլոր մակարդակներու վրայ: Մեր երկիրին ուժը կը կայանայ ազգային բարձր ոգիի ու միասնական պարկեշտ աշխատանքին մէջ: Կը հաւատանք, որ իշխանութիւնները իրերայաջորդ եւ մէկզմէկու գործը լրացնող մարմիններ ու կառոյցներ են, եւ ո՛չ թէ սորվիլ չուզող սկսնակներու, քանի մը բառ սորված՝ անինքնավստահ աշակերտներու անլուրջ խմբակ: Մասնագիտական աշխատանքը անհրաժեշտութիւն է ղեկավարման համար: Ազգային ռազմավարական զգայուն ոլորտներուն մէջ պատասխանատուութիւններ ստանձնած առաջնորդները իրաւունք չունին գործին մօտենալու այն տրամաբանութեամբ, թէ պաշտօնավարման ընթացքին ժամանակ կրնան մսխել… փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար:
Աշխարհաքաղաքական այնպիսի խաչմերուկի վրայ ենք, ուր մեր ազգի վիզին ծանրացած է ցեղասպան թուրքին խեղդող ու համաթուրանական շունչը: Մենք մեր երկիրը եւ ինքնութիւնը փրկելու համար փորձառուներու պէտք ունինք եւ ճիշդ քայլ պէտք է առնենք: Ուստի, պարտաւոր ենք մեր փորձառութիւնը կեանքի դասի վերածելով՝ փրկել լոյսի պէս երիտասարդներու կեանքերը եւ ՀԱՅՐԵՆԻՔը, ո՛չ միայն սոսկական հողամաս մը…
27 Սեպտեմբերէն 10 Նոյեմբեր 2020 ժամանակաշրջանը խլեց մեր ինքնութեան դրոշմը հանդիսացող խորհրդանիշներէն շատ բան: Կորսնցուցինք վերջին հարիւր տարուան ընթացքին մեր վսեմագոյն յաղթանակով ազատագրուած հայրենի հողը (հայ մարդը իր ամբողջ մարմինով կը դողայ այս իրականութեան դիմաց): Կորսնցուցինք մեր հայրենանուէր երիտասարդութեան սերուցքը, «մահ իմացեալ անմահութիւն է» ըսողներու փոքր տոկոսը, որ հակակրելի է թշնամիին համար: Մեր նահատակներն ու անոնց անունով այսօր երդում տուողներ՝ հայրենիքի պահպանման, մեր անկատար երազներուն իրականացման լծուած սերունդը՝ շարունակուող պայքարը իր սեփական արեամբ ջրդեղելու պատրաստակամութեամբ տոգորուած է:
Դժբախտաբար տակաւին կը գոյատեւէ թշնամիին համակրանքը շահողներու փաղանգ մը, որ կը մտածէ, եւ կը յանդգնի Ազգային ժողովի բեմէն յայտարարել, թէ «տժգոյն Շուշին ո՞ւմ ա պէտք», կամ՝ «Շուշին իսկապէս հայկակա՞ն է»:
Վարչապետն ու հայրենիքի հողերուն տարածքէն անտեղեակ գործակիցները չեն անդրադառնար, որ կորսնցուցինք հայոց քաջարի բանակին ու հայ ռազմիկին մարտունակութեան խորհրդանիշը, անով վերականգնած դարաւոր վարկը: Ոտնահարուեցաւ հայ մարդուն արժանապատուութիւնը բարբարոս թուրքին կողմէ, որ ահա դարձեալ ցոյց կու տայ, թէ համբաւաւոր է անզէն մարդն ու պատերազմական գերին վարկաբեկելով: Մէկ գիշերուան մէջ ականատես վկաները դարձանք ազգային միասնականութեան բզկտումին:
Համայնավարութեան «մուրճ ու մանգաղ»ին չմոռցուած հալածանքները յիշեցնող արարքներու վկայ դարձանք: Չենք խօսիր տակաւին աշխարհի առջեւ պարտուած ազգ ըլլալուն, տկար եւ տհաս իշխանութեամբ հանդէս գալուն կամ պարտուած իշխանաւորը անմահացնող տկարամիտներու ամբոխ ունենալու ամօթին ու ցաւին մասին:
Ծանր ու թեթեւ պէտք է ընէ մեր ազգը՝ անցնող ամիսներու աղէտները: «Եղածը եղած է: Շուտով անցնինք, յառաջանանք» ըսելով՝ չենք կրնար միայն մակերեսը դատելով ձախող աշխատանքի լծուիլ: Եղած են մարտավարական եւ ռազմավարական խախտումներ, որոնք ճշդումի կը կարօտին. յետաձգելը անթոյլատրելի է:
Ազգային եւ հայրենիքի հողային ամբողջականութեան վերականգնումը, պահպանումը, խարսխուած համապատասխան գիտակցութեան վրայ, մեր մարտավարութեան կորիզն է: Անոնց տէրն ու պահապանը ազգն է: Մինչդեռ մարտավարութիւնը ունի որոշ նրբերանգներ ու քաղաքական ճկունութիւններ, իսկ զայն կիրակողը ազգային պետականութիւնն է: Մեր հողային ամբողջականութեան արժամապէս խախտած ըլլալը եւ թոյլ տրուած ոտնձգութիւնները զգալը՝ ազգին պարտականութիւնն են, իսկ պետութիւնը պարտաւոր է հետապնդել ու սրբագրել սխալը, որպէսզի հունի մէջ պահենք մեր ինքնութիւնը, իր սահմանած հետեւողական ու աչալուրջ մարտավարութեամբ: Սահմանագծումը պետութեան պարտաւորութիւնն է: Զայն պէտք է պաշտպանէ իր ատամներով: Ազգը հաւատքով ընտրած է պետութիւն-իշխանութիւնը, որ ուխտած է զինք ընտրող ազգը եւ հայրենիքը անաղարտ ներկայացնել ու պաշտպանել: Երբ անիկա կը թերանայ, ազգը իրաւունք ունի հաշիւ պահանջելու, կանգնելու իր իրաւունքներուն պահանջատէրի դիրքին:
Այսօր ոտքի կանգնելու եւ սեփականը սեփականով պաշտպանելու ժամը հասած է: Ճիշդ անձը ճիշդ պաշտօնին վրայ դնելու սկզբունքին՝ բոլորը համաձայն են, բայց սխալ ընթացքը ուղղելու համար, ա՛լ աւելի կարեւոր է աւեր գործած անձն ու գործակիցները երկրի ղեկէն անմիջապէս հեռացնելը:
Միասին մտածենք. հպարտութեամբ կը յիշենք եւ կը յարգենք մեր հերոսները ու մեր պատմութեան պատուանդանը կը զարդարենք անոնց սխրագործութիւններով. նաեւ առիթ տանք, որ անոնք վերածնունդ ապրին նորերու սխրագործութիւններով ու դառնան վերստին շնչող հերոսներ:
Յառաջիկայ 10-50-100 տարիներուն համար, ազգային յստակ ծրագիրի պէտք ունինք: Մենք օդի ու ջուրի պէս կարիքը ունինք քաղաքագէտներու, դիւանագէտներու, ռազմագէտներու, ծանր ռազմական արդիւնաբերութեան մասնագէտներու: Չենք թրծած հայ կնոջ միտքը, որ ան դառնայ բազմազաւակ: Չենք կրցած իւրաքանչիւր հայու հասկցնել, թէ պէտք է ապրի տասը հայու փոխարէն, իսկ հիմա՝ քսա՛ն: Քաղաքական եւ դիւանագիտական ոլորտները բժշկութեան եւ փաստաբանութեան չափ կարեւոր պէտք է ըլլային մինչեւ հիմա: Ընդունինք. Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, քաղաքական ու դիւանագիտական ներկայացուցիչները չկրցան պէտք եղած չափով իրականացնել միջազգային քաղաքական դիւանագիտական պարտաւորութիւնները, որովհետեւ զբաղուած էին մանրուքներով կամ մասնագէտներ չէին (ըսինք՝ մատը վէրքին վրայ պիտի դնենք): Հիմա, ժամն է մեր ուժերը գերագոյնս լարելու ու ի գործ դնելու յանուն գոյութեան պայքարի: Անվերապահ, նպատակասլաց ու անշահախնդիր աշխատանքի պէտք է լծուինք բոլորս, եւ՝ անյապաղ:
Դարձեալ միասին մտածենք. ազգը ինչո՞ւ կը ծնի անողնայար արարածներ (միւս բառը չեմ ուզեր հնչել անգամ), որոնք կ՛որդեգրեն վախկոտ ու տկար կեցուածքներ: Ճիշդ ձեւով կը քննարկե՞նք, կը վերլուծե՞նք ու կը սերտե՞նք այդ անընդունելի արարքները: Քննական առողջ միտքով, առանց կիրքի կամ ուռուցիկ զգացականութեան կը բացայայտե՞նք մեր սերունդներուն, թէ ի՛նչ էր կատարուածը՝ իր չոր իրականութեամբ ու ողբերգութեամբ, թէ կը փորձենք իրականութիւնը քօղարկելով՝ «քնացնել» անոնց միտքն ալ: Հարկ է բացատրել ու հասկցնել լուրջ հիմքերով, թէ այդ մարդոց «շահածը» ոչի՛նչ էր, ոչի՛նչ է եւ ոչինչ ալ պիտի ըլլայ միշտ, որովհետեւ հայրենիքը մնայուն է եւ միւս բոլորը՝ գնայուն….
Պէտք է կարգապահօրէն պատրաստենք գիտակից հասարակութեան լայն խաւ մը, ազգային հիմնաւորեալ հպարտութեամբ ու արժանիքներով հարստացած փայլուն փաղանգներ, որպէսզի իրենց շողերով ու կայծերով անէացնէ տկարամիտ եւ վախկոտ միաբջիջները: Սխալ չհասկնաք, գիտենք թէ բնական երեւոյթ է տկարներու գոյութիւնը որեւէ ընկերութեան մէջ: Երբեմն անոնց գոյութիւնը կը նպաստէ ընկերային հաւասարակշռութեան կամ նոյնիսկ՝ միւսներուն հզօրացման: Անհրաժեշտ է զիրենք հակակշռող ուժեղներու ներկայութիւնը ապահովել ամէն գնով: Անոնց բացակայութիւնը կամ չդրսեւորուիլը՝ ճիշդ ժամանակին ու ճիշդ ձեւով՝ քաոս կը ծնի: Երբ Իտէալներու բացակայութիւնը եւ հերոսներու նսեմացումը դիտմամբ կը հաւասարեցուին կեղծ գործնականութեան, արդիականացման եւ իրապաշտութեան հետ, մենք կը հասնինք վտանգաւոր եւ անդառնալի հետեւանքներու:
Մեր պատմութիւնը վկան է, որ ունինք ազգային հարուստ փորձառութիւն: Ժամը հասած է որ զայն ի գործ դնենք եւ գործնական քայլերու ձեռնարկենք: Ռոստոմի բառերով առաջնորդուինք եւ հաւատանք, որ «խօսքը առանց գործի՝ մեռեալ է»: Անդուլ, բազմաճիւղ ու բազմամակարդակ աշխատանք՝ բոլոր մարզերուն եւ բնագաւառներուն մէջ: Լուռ անցնելու իրաւունք չունինք, այլապէս, նախատուած պիտի մնանք իբրեւ ազգ եւ առիթ պիտի չունենանք ազգային հպարտութեամբ դաստիարակելու մեր սերունդները: Մէկ խօսքով՝ պիտի չկարենանք հայ տեսակը սահմանել, ներկայացնել եւ պահպանել մեր զաւակներուն ու թոռներուն համար:
Մարդկային առողջ տրամաբանութիւնը, ազգային բարձր ոգին, գիտակցութիւնը եւ հետեւողական արդար աշխատանքը մեր ազգային տաճարին սիւներն են: Սրբազան արժանիքներ՝ որոնց շնորհիւ կարելի է կերտել եւ պահել հազարամեակներու յորձանուտին մէջ գալարած բայց պահպանուած ու մեզի հասած երկիրը, հողը, պետութիւնն եւ ազգը: Առանց այս սրբութիւններուն՝ հայրենիքն ու ազգը պատմութեան բեմին վրայ պատկերացնելը պարզապէս պատրանք է…
Միացնենք մեր ձեռքերը: Նպաստենք մեր հայրենիքին աննկուն ու անսասան ապագայի կերտումին:
25 Յունուար 2021
Լոս Անճելըս