Հինգշաբթի, 28 Յունուարին, Արամ Ա. կաթողիկոսը «Ֆէյսպուք»ի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Այսօր հոգեկան գոհունակութեան օր մըն էր ինծի համար: Արդարեւ, կաթողիկոսարանին կողմէ հերթաբար եւ յաճախ լուռ ու լուսարձակներէ հեռու կերպով կատարուող օժանդակութիւններու շարքին, այսօր կրցանք համայնքային կառոյցներու ճամբով 1000 կարիքաւոր ընտանիքներու նիւթական աջակցութիւն կատարել: Երկրէն ներս ստեղծուած տնտեսական ահաւոր դժուարութիւններուն դիմաց պիտի շարունակենք, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, մեր զաւակներու կարիքներուն առաւելագոյն չափով հասնիլ:
«Ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաջնահերթ պարտաւորութիւններէն մէկն է` հետեւելով մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի օրինակին: Եկեղեցին կոչուած է հաւատարիմ ըլլալու իր քրիստոսատուր կոչումին:
«Իմ բարձր գնահատանքս կ՛ուզեմ յայտնել այն բոլոր ազգայիններուն ու մարմիններուն, որոնք օգտակար կը հանդիսանան մեր ժողովուրդի կարիքներուն` Հայաստանի, Արցախի ու Լիբանանի մէջ եւ բոլոր գաղութներէն ներս:
«Հայրաբար անգամ մը եւս կը յիշեցնեմ նիւթական կարելիութիւններով օժտուած ազգայիններուն. Աստուծոյ կողմէ ձեզի պարգեւուած բարիքներէն բաժին հանեցէք մեր եկեղեցւոյ, մեր կառոյցներուն ու ընտանիքներուն»: