Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ Հայ Դատի յանձնախունբերուն նախաձեռնութեամբ՝ զեկուցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 28 Յունուարին, Կեդրոնական Եւրոպայի ժամով երեկոյեան 7ին:
Հանդիպումը կայացաւ առցանց՝ Zoom հարթակին վրայ: Հանդիպման մասնակցեցան Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ գործող կազմակերպութիւններու, համայնքային կառոյցներու եւ միութիւններու 55 ներկայացուցիչներ եւ համակիրներներ:
Օրուան զեկուցաբերներն էին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, Վիեննայի Հայ աառաքելական համայնքի հոգեւոր հովիւ Անտրէաս քահանայ Իսախանեան, որ անձնապէս ներգրաուած էր պատերազմական օրերուն արցախահայութեան եւ բանակին համար մարդասիրական օժանդակութիւններ հաւաքելու աշխատանքներուն մէջ եւ ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի նախագահ Կիրո Մանոյեան:
Զեկուցական հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն ներքին եւ արտաքին բոլոր զարգացումները պատերազմի հետեւանքներէն եւ սահամանները գծելու գործընթացէն, ռազմագերիներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերուն վերաբերող զարգացումներէն մինչեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տարածաշրջանին մէջ օր ըստ օրէ աճող վտանգը եւ զայն դիմակայելու համար զոյգ հանրապետութիւններուն որդեգրելիք ռազմավարութիւնները: Բացի այդ, շրջանի մէջ գործող միութիւնները ծանօթացան երկրին դէմ ծառացած հարցերուն լուծման՝ ՀՅԴի որդեգրելիք եւ ձեռնարկելիք քայլերուն եւ լուծումներուն:
Զեկուցաբերներուն փոխանցած ընդարձակ տեղեկութիւններէն ետք կատրուեցաւ հարցում-պատասխանի բաժինը, ուր մասնակցողները զիրենք յուզող եւ մտահոգող բոլոր հարցերուն մասին հարցումներ ուղեցին օրուան զեկուցաբերներուն, որոնք իրենց կարգին մանրամասնօրէն եւ թափանցիկութեամբ փորձեցին փարատել մտահոգութիւնները:
Հանդիպումը աւարտեցաւ նահատակներուն յիշատակը յարգող մէկ վայրկեան լռութեամբ: