ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մինչ պատուաստումները աստիճանաբար կը բազմանան, Լոս Անճելըս գաւառի առողջապահութեան իշխանութիւնները 27 Յունուարի երեկոյեան տեղեկացուցին, թէ նախորդ շաբթուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրի նոր վարակակիրներու օրական միջինը զգալիօրէն նուազած է՝ իջնելով 6564ի. երեք շաբաթ առաջ այդ թիւը մօտաւորապէս 15,000 էր:
Նուազած է նաեւ հիւանդանոցներու մէջ դարմանուողներու թիւը՝ հասնելով 6213ի. այդ թիւը մինչեւ 8065ի հասած էր 6 Յունուարին:
Միւս կողմէ, սակայն, մահերու թիւը աճ կ՛արձանագրէ: Արդարեւ, մինչ նախորդ շաբաթ օրական մահերու միջին թիւը 151 էր, անիկա 26 Յունուարին 307ի բարձրացաւ, ընդհանուր թիւը հասնցելով 15,897ի:
Նաեւ նշուեցաւ, որ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին արձանագրուած են 6917 նոր վարակումներ ընդհանուր թիւը հասցնելով 1,091,712ի:
Քալիֆորնիոյ մէջ կան 3.2 միլիոն վարակակիրներ եւ արձանագրուած են 38,634 մահեր, Միացեալ Նահանգներու տարածքին այդ թիւերը յաջորդաբար 26 միլիոն եւ 435,000 են, իսկ աշխարհի տարածքին՝ 101 միլիոն եւ 2.2 միլիոն:
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, այսուհետեւ 65 տարիքը բոլորած գաւառի բնակիչները պիտի կարենան պատուաստուիլ «Քորոնա» ժահրին դէմ, ժամադրութիւններ ապահովելէ ետք VaccinateLACounty.com կայքին միջոցաւ: Կարելի է ժամադրութիւն վերցնել նաեւ դիմելով (833) 540-0473 թիւին:
Գիտնալու համար, թէ պատուաստուելու ձեր կարգը երբ կրնայ հասնիլ՝ կարելի է այցելել https://myturn.ca.gov կայքը: