ԵՐԵՒԱՆ.- Հայոց բանակի տօնին առիթով, ինչպէս կանխատեսելի էր, Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը մարդոց հոսքը սկսած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն եւ չէր դադրած ամբողջ օրուան ընթացքին:
Արցախեան վերջին գոյապայքարին պատճառով տարածքով կրկնապատկուած Եռաբլուրի մէջ իրենց վերջին հանգրուանը գտած հայորդիներէն մէկուն` ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահ, նուիրեալ ազատամարտիկ, ՀՅԴ կամաւորական վաշտերու կազմին մէջ մարտնչած եւ Արցախի հիւսիսային դիրքերուն վրայ հերոսաբար նահատակուած Գեղամ Մուշեղեանի շիրիմը այցելեցին մարտական, կուսակցական ընկերներ, որոնք նաեւ մասնակցեցան օրուան խորհուրդին առիթով նախաձեռնուած խոստման եւ երդման աւանդական արարողութիւններուն:
«Կը թուի, թէ մահը վերջակէտ է ամէն ինչին: Բայց արի ու տես, որ հիմա մեր ներկայութիւնը Գեղամ Մուշեղեանի շիրիմի կողքին հակասում է այդ կարծիքին: Դաշնակցականի, հայ ազատամարտիկի համար նահատակութիւնից յետոյ դեռ անելիքներ կան», իր խօսքին մէջ նշեց նորագիրներու կնքահայրը՝ ՀՅԴ կամաւորական գումարտակի հրամանատար, ազատամարտիկ Հարմիկ Յովսէփեան։ Դիմելով նորագիրներուն՝ ան ըսաւ. «Դաշնակցութեան շարքերն անցնելով` ձեր առջեւ դռներ չեն բացուելու, դրանք պէտք է բացէք ինքներդ` ձեր ամուր կամքով: Դուք լինելու էք թիրախ արտաքին եւ ներքին թշնամիների համար: Բայց դուք չպիտի վհատուէք, որովհետեւ դուք զինուած էք գաղափարախօսութեան եւ հաւատքի սրով ու վահանով»։
Խոստման եւ երդման արարողութեամբ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան եւ Դաշնակցութեան շարքերը անցան քանի մը տասնեակ նորագիրներ: