ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա շաբաթական մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան կայունացման՝ ընդգծելով մարդասիրական ծրագիրներու գործադրութեան առաջնահերթութիւնը։ Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք»ը։
Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ կացութեան կանոնաւոր կայունացման հասնելու առումով, առաջնային է վնաս կրած եւ կարիքաւոր անձերուն համալիր մարդասիրական աջակցութեան ծրագիրը։ «Թէ՛ Պաքուի, թէ ալ Երեւանի համապատասխան ջանքերէն եւ այլ երկիրներու, առաջին հերթին՝ մեր երկիրի օգնութենէն բացի, օգտակար կը համարենք միջազգային իրաւասու կառոյցներու միացումը։ Ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր յարակից շրջաններուն մէջ աշխուժօրէն կ՛աշխատի Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն։ ՄԱԿի ղեկավարութիւնը, իր կարգին, կապի մէջ է հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն հետ եւ կը շարունակէ համաձայնութիւն գոյացնել Լեռնային Ղարաբաղ գնահատման համալիր առաքելութիւն մը ուղարկելու հարցերուն շուրջ», ըսաւ Զախարովա։
Ան դիտել տուաւ, որ Ռուսիա, իր կարգին, զգալի ներդրում կ՛ընէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան բարելաւման համար՝ ռուս մասնագէտներու եւ խաղաղապահներու աջակցութեամբ։ 14 Նոյեմբերէն ի վեր Արցախ վերադարձած են առաւել քան 51,000 գաղթականներ։ Ականազերծուած է աւելի քան 705 հեկտար տարածք եւ աւելի քան 230 քիլոմեթր ճամբայ, վնասազերծուած են շուրջ 24,000 պայթուցիկ իրեր։ Ամբողջութեամբ վերականգնած է ելեկտրականութեան մատակարարումը։ Շուրջ 1300 բնակիչներ բժշկական օգնութիւն ստացած են, տեղեկացուց Զախարովա։
Ան յայտնեց, որ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն՝ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմանի յայտարարութեան համաձայն, ինչպէս նաեւ 11 Յունուարին նոյն երկիրներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն համապատասխան, պատերազմական գերիներու եւ այլ պահուող անձերու վերադարձի հարցերուն շուրջ աշխատանքը կը շարունակուի։
Ըստ Զախարովայի՝ ռուսական կողմը այդ հարցերուն մէջ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ, ներառեալ՝ իր խաղաղապահ զօրակազմին գծով։ «Ինչպէս ընդգծած են մեր երկիրի նախագահը եւ արտաքին գործոց նախարարը, նշեալ հարցին շուտափոյթ լուծման լաւագոյն տարբերակը պիտի ըլլար գերիներու փոխանակումը՝ «Բոլորը բոլորին դիմաց» սկզբունքով», շեշտեց Զախարովա։