Այս տարի, առաւել յատուկ նշանակութիւն կը ստանայ եւ բազմաթիւ խորհրդածութիւններու առիթ կը ստեղծէ Հայոց բանակի օրուան նշումը: Այս օրերուն` քանզի ազգովին կը գտնուինք արցախեան վերջին պատերազմի պարտադրած դաժան իրականութեան առջեւ:
Այս տարի Բանակի օրը այն օրն է, երբ հազարաւոր զոհեր տուած, հող ու հայրենիք կորսնցուցած դաժան իրականութեան մէջէն, ազգովին, քայլ առ քայլ դուրս գալու միջոցներուն եւ ձեւերուն մասին պէտք է խորհրդածել
Բանակի օրը այն օրն է, երբ նահատակ զինուորներու ընտանիքներուն, վիրաւոր եւ հաշմանդամ դարձած զինուորներուն օժանդակութեան հասնելու մասին պէտք է ծրագրել: Այս օրը այն օրն է, երբ մէկ օրէն միւսը գաղթական դարձած մեր հայրենակիցներուն ընկերային օգնութիւն տրամադրելու միջոցները պէտք է գտնել:
Մանաւանդ, Բանակի օրը այն օրն է, երբ մեր ազգային հպարտութիւնը հանդիսացող, բայց այսօր վիրաւոր վիճակի մէջ գտնուող մեր բանակը վերականգնելու եւ զայն վերահզօրացնելու միջոցները պէտք է գտնել:
Եւ վերջապէս, այսօր այն օրն է, երբ մեր պետականութիւնը ամրացնելու եւ հզօրացնելու առաջադրանքները իրականացնելու մասին պէտք է խորհրդածել:
Ահա՛ ասոնք ենք այսօրուան հրամայականները, որոնց մասին պէտք է խորհրդածել, ու անոնք իրականացնելու համար յանձնառութիւն վերցնել: Յանձնառութիւն` առանց քաղաքական սակարկութիւններու, առանց քաղաքական շահարկումներու, այլ` դաժան իրականութեան աչքերուն ուղիղ նայելու խիզախութեամբ:
Այսպիսի յանձնառութեամբ է որ մենք, որպէս ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէութիւն մտադրած ենք գործելու: Եւ ահա, մեր պետականութեան եւ ազգային բանակին հզօրացման, եւ յատկապէ՛ս պատերազմի հետեւանքները մեղմացնելու, վէրքերը ամոքելու եւ պատերազմի գերիներուն վերադարձը ապահովելու աշխատանքներուն մասնակից դառնալու յանձնառութեամբ, ճամբայ կ՛ելլենք այս տարեմուտին, այն մեծ հաւատքով, որ մեր համայնքը ամբողջականօրէն պիտի սատար կանգնի մեր աշխատանքներուն եւ պիտի օժանդակէ յաղթահարելու մեր առջեւ դրուած բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ