ԱՐՄՈՆԴ ԳՈՐԳՈՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 26 Հոկտեմբեր 1946ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Արմոնդ Գորգորեանի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 25 Յունուար 2021ին, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով։
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուին Երեքշաբթի, 9 Փետրուար, 2021ին, կէսօրէն ետք ժամը 2:30էն սկսեալ, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պարտադրած պայմաններուն պատճառով, կը խնդրուի հետեւիլ դիմակ կրելու եւ հեռաւորութիւն պահելու կանոններուն։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Ծաղիկ Գորգորեան
Զաւակը՝ Արթին եւ Սերա Գորգորեան եւ զաւակները՝ Էմիլի, Էվան եւ Էլլա
Դուստրը՝ Տոքթ. Ալինա Գորգորեան եւ Սթիւ Թէյթ
Քոյրը՝ Ալիս Մեսրոպեան
Քրոջ զաւակը՝ Կարէն Մեսրոպեան
Քրոջ զաւակը՝ Ալէն եւ Նարինէ Մեսրոպեան եւ զաւակները՝ Դանիէլ եւ Նոահ
Եւ համայն Գորգորեան, Թէյթ, Մեսրոպեան ընտանիքները եւ ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի մեծ ընտանիքն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին (Homenetmen Glendale Ararat Chapter, 3347 N. San Fernando Rd., Los Angeles, CA 90065)։
ԱՐՄՈՆԴ ԳՈՐԳՈՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը եւ անձնակազմը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԱՐՄՈՆԴ ԳՈՐԳՈՐԵԱՆի՝ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան եւ Մարզական խորհուրդի նախկին անդամին, մահուան տխուր առիթով, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը, Մարզական խորհուրդը եւ բոլոր մասնաճիւղերը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին ու յատկապէս Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին։