ԿԱՊԱՆ, ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- 18 Յունուարէն սկսեալ, վեցշաբաթեայ առցանց դասաւանդութիւններ սկիզբ առին Արցախի պատերազմին պատճառով տեղահանուած եւ Հայաստան գտնուող աշակերտներուն համար, Կապանի Ն1 եւ Ն3 դպրոցներուն մէջ։
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Կրեկ Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ գոծող շարք մը կազմակերպութիւններու՝ «Հայ Հոփս» կոչուող ծրագիրը առիթ պիտի ընծայէ Միացեալ Նահանգներէն դասատուներու՝ հեռահաս դասաւադութիւններ կատարելու նշեալ աշակերտներուն համար։
Տարբեր երկիրներէ 17 կամաւոր ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն չորս ուսուցիչներ կ՛աշխատին 48 աշակերտներուն ուսողութեան, անգլերէնի, գիտութեան, բնագիտութեան, արուեստի եւ համակարգիչի դասերուն վրայ։
Նշենք, որ ՝ «Հայ Հոփս» ծրագիրը այս նպատակին համար գործածուող համակարգիչները տեղափոխեց Հայաստան։
Աշխատանք կը տարուի նման դասաւանդումներ իրականացնելու Սիւնիքի այլ քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ։
Ծրագիրին կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրել փափաքողները կրնան դիմել info@hyehopes.org հասցէին, իսկ յաւելալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://hyehopes.org կայքը։