ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Պոսթընի համալսարանի Արդի հայոց պատմութեան եւ գրականութեան «Չարլզ Քէյ. եւ Էլիզապէթ Էմ. Քենոսեան» ամպիոնի վարիչ դոկտ. Սիմոն Փայասլեան Շաբաթ, 30 Յունուարին, կ․ա․ ժամը 11էն սկսեալ պիտի ներկայացնէ Պելճիքայի մէջ Դանիէլ Վարուժանի համալսարանական տարիներուն նուիրուած իր կատարած նոր ուսումնասիրութիւնը։
Յիշեցնենք, որ Վարուժան 1905ին կը մեկնի Պելճիքա եւ կ՛ընդունուի Կենթի համալսարանը: Ուսանողական տարիները էական դեր կը խաղան անոր կազմաւորման մէջ. ան կը հետեւի ընկերային եւ քաղաքական գիտութիւններու, կ՛ուսումնասիրէ գրականութիւն եւ ընկերային ուսմունքներ: Ան հայրենիք կը վերադառնայ 1909ին։ Անոր դիմաքանդակը զետեղուած է համալսարանի գլխաւոր գրադարանի դահլիճին մէջ։
Դոկտ. Փայասլեանի ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է համալսարանին, ինչպէս նաեւ Կենթ քաղաքի արխիւներուն մէջ Վարուժանին վերաբերող նիւթերուն վրայ։
«Արփա» հիմնարկին կազմակերպած առցանց այս դասախօսութեան կարելի է հետեւիլ` դիմելով arpahimnarg@aol.com հասցէին։