ԵՐԵՒԱՆ.- 22 Յունուարին, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամները հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեանի հետ:
Հանդիպման ներկայ էր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սերգէյ Շահվերդեան: Քննարկուեցան յետ-պատերազմական իրավիճակին մէջ միացեալ ջանքերով զանազան բնոյթի ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր:
Անոնք խօսեցան նոր պայմաններուն մէջ Արցախի երիտասարդութեան մարտահրաւէրներուն եւ հարցերուն մասին ու քննարկեցին յառաջիկային իրականացուելիք ծրագիրները։