ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի առողջապահութեան իշխանութիւնները 21 Յունուարին տեղեկացուցին, թէ այս շաբթուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրի նոր վարակակիրներու օրական միջինը նուազած է՝ իջնելով 10,560ի, նախորդ շաբթուան ընթացքին այդ թիւը 15,182 էր։ Իջած է նաեւ հիւանդանոցներուն մէջ դարմանուղներու թիւը՝ հասնելով 7263ի։
Նաեւ նշուեցաւ, որ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին արձանագրուած են 8512 նոր վարակումներ եւ 262 մահեր, ընդհանուր թիւերը հասցնելով 1,046,021ի եւ 14,641ի։
Քալիֆորնիոյ մէջ այդ թիւերը 3․1 միլիոն եւ 35,766 են, Միացեալ Նահանգներու տարածքին՝ 25 միլիոն եւ 420,000, իսկ աշխարհի տարածքին՝ 98 միլիոն եւ 2․1 միլիոն։
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, այսուհետեւ 65 տարիքը բոլորած գաւառի բնակիչները պիտի կարենան պատուաստուիլ «Քորոնա» ժահրին դէմ, ժամադրութիւններ ապահովելէ ետք VaccinateLACounty.com կայքին միջոցաւ: Կարելի է ժամադրութիւն վերցնել նաեւ՝ դիմելով (833) 540-0473 թիւին։
Նաեւ, գիտնալու համար, թէ պատուաստուելու ձեր կարգը երբ կրնայ հասնիլ՝ կարելիէ այցելել https://myturn.ca.gov/ կայքը: