ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Վրաստան: Ծինանդալի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ մը։
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ Այվազեան ընդունեց անոր վրացի գործընկեր, փոխվարչապետ Դաւիթ Զալքալիանը:
Անոնց ճանաչողական հանդիպումը տեղի ունեցաւ Կախեթի մարզի Ցինանդալի գիւղին մէջ:
Ոչ-պաշտօնական հանդիպումին ընթացքին արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին Վրաստանի եւ Հայաստանի դրացիական յարաբերութիւնները, համագործակցութեան ընթացիկ օրակարգը եւ յարաբերութիւններու հետագայ խորացման հեռանկարները: