ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ»․- Ըստ Թուրքիոյ պաշտօնական տուեալներուն՝ 2020ի ընթացքին երկրին ռազմական արտածումները 15 տոկոսով նուզած են՝ իջնելով 2.3 միլիառ տոլարի։
Ամերիկա կը շարունակէ մնալ թրքական ռազմական արտադրութեան գլխաւոր ներածողը՝ (784.2 միլիոն տոլարի ներածումներ, ինչ որ 4 տոկոսի անկում մըն է 2019ի տուեալին հետ բաղդատած), իսկ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Ատրպէյճան՝ (260.8 միլիոն տոլարի ներածումներ, ինչ որ 194 տոկոսի աճ մըն է 2019ի տուեալին հետ համեմատած)։
Այլ կարեւր յաճախորդ մըն է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, որ 200․2 միլիոն տոլարի ներածումներ կատարած է, ինչ որ 51 տոկոսի աճ մըն է 2019ի տուեալին հետ բաղդատած։