ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Թրամփի վարչակազմը աշխատանքի վերջին ժամերուն ստորագրեց Թուրքիոյ հետ յուշագիր մը, որ Թուրքիոյ օրինական իրաւունքներ կու տայ տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան վրայ, կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Այս քայլը բողոքի ալիք բարձրացուց Ամերիկայի հայկական, յունական, քրիստոնէական մշակութային եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան ազդեցիկ կազմակերպութիւններու մօտ, որոնք յիշեցուցին, թէ Էրտողանի վարչակազմը միայն վերջերս միջազգային հանրութեան քննադատութեանց թիրախ դարձած էր ուղղափառ քրիստոնէական աշխարհի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկը` Սուրբ Սոֆիայի տաճարը մզկիթի վերածելուն համար:
Այս քայլին դէմ բողոքեցին Հայ Դատը, Յունաամերիկեան խորհուրդի ղեկավարութիւնը, «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» կազմակերպութիւնը եւ այլ կազմակերպութիւններ եւ թանգարաններ:
«Թրամփի վարչակազմը իր վերջին ժամերուն Թուրքիոյ նուիրեց օրինական նոր իրաւասութիւններ՝ բնիկ ժողովուրդներուն եւ փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ՝ հայերու, յոյներու, ասորիներու, արամէացիներու, մարոնիների, հրեաներու, քիւրտերու եւ այլ ժողովուրդներու կրօնական եւ մշակութային ընդարձակ ժառանգութիւններուն վրայ», նշեց Հայ Դատի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, իսկ «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» Թաուֆիք Պաաքլինի ըսաւ, որ յուշագիրը Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման խրախուսում է: