ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի համակարգող, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Արցախ այցելութեան ընթացքին իրենց կատարած պաշտօնական հանդիպումներու ծիրին մէջ, տեսակցութիւններ ունեցան Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի հետ, որոնց հետ քննարկեցին բազմաթիւ հարցեր։
Քննարկուած հարցերու առաջին խումբը կը վերաբերի Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան ու բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման, երկրորդը` Արցախի կարգավիճակին, երրորդ խումբը` Արցախի բնակչութեան առջեւ ծառացած ընկերային-տնտեսական հարցերուն:
«Հանդիպումների ընթացքում վերահաստատել եմ, որ ՀՅԴն իր համահայկական ողջ կառոյցով եւ հնարաւորութիւններով պատրաստ է ամբողջական եւ գործուն մասնակցութիւն ունենալ այս երեք ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներին: Շեշտել եմ նաեւ, որ Դաշնակցութեան կամաւորներն անհրաժեշտութեան դէպքում պատրաստ են կրկին պաշտպանել հայրենիքի սահմանները:
«Հանդիպումների ընթացքում երկուստեք բացառուել է Արցախի կարգավիճակի ամրագրումն Ադրբեջանի կազմում», իր էջին վրայ կ՛ըսէ Սաղաթէլեան։
Ըստ անոր՝ այդ առումով Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ հետագայ քննարկումները շարունակելու եւ աշխատանքները համադրելու առումով եւս ձեռք բերուած է լրացուցիչ պայմանաւորուածութիւն:
Սաղաթէլեան Արցախի քաղաքական գործիչներուն յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը իր համահայկական ամբողջ ներուժով, Հայ Դատի գրասենեակներով եւ յանձնախումբերով պատրաստ է այս նոր իրավիճակին մէջ լծուելու այդ աշխատանքներուն:
Ընկերային-տնտեսական ուղղութեամբ եւս կան իրականացուելիք շարք մը աշխատանքներ, որոնց գծով եւս Դաշնակցութիւնը պատրաստ է իր մասնակցութիւնը բերելու։
«Այս փուլում ամենակարեւորն այն է, որ Արցախի բնակչութիւնն իր թիկունքում զգայ 10 միլիոն հայութեան շունչը: Մենք պէտք է այսօր կանգնենք Արցախի եւ արցախցու կողքին, եւ դա չպէտք է լինի խօսք, այլ յստակ գործ: Մենք պարտուելու իրաւունք չունենք. ժողովուրդը պէտք է ոտքի կանգնի, եւ դա պէտք է տեղի ունենայ համայն հայութեան աջակցութեամբ, համատեղ մշակուած քայլերով:
«Կորցնել Արցախը` նշանակում է կորցնել Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ առհասարակ փակել հայ ժողովրդի պատմութեան վերջին էջը: Ով, ով, բայց Դաշնակցութիւնը դա թոյլ չի տալու», գրած է Սաղաթէլեան: