ՆԻԿՈՍԻԱ․- Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Պաֆոսի քաղաքապետին եւ աւագանիին, որոնք ընդառաջելով մեր գաղութի դիմումին՝ շատ արագ փոփոխութեան ենթարկեցին քաղաքին «Թալէաթ Փաշա» փողոցի անունը, զայն վերանուանելով՝ «Տիկէոսինիս» (Արդարութիւն)։
Մեր յանձնախումբը փողոցի անունին փոփոխութեան հարցը առաջին անգամ քննած էր 14 Յուլիս, 2020ի իր նիստին ընթացքին, ուր նուազդացուցիչ համարած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած դահիճին անունը պատիւի արժանացած է։
Աւելին, Կիպրոսի խորհրդարանը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ, Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը վաւերացուցած էր։ Այս որոշումը, իրավական հարթակ փոխադրած էր թուրք ցեղասպանը մեծարելու հանգամանքը։
Այսօր, ուրախ ենք յայտարարելու, թէ մեր բոլորին բաղձանքը իրականացած է։ Մեր շնորհակալութիւնները Պաֆոսի քաղաքապետ պրն. Ֆետոն Ֆետոնոսին, որ առանց որեւէ տատամսումի եւ երկմտանքի հաստատեց արդարութիւնը։
Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբ
19.01.2021