ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ․- Վերջերս Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանի հայկական եւ վրացական հաւաքածոներու վարիչ նշանակուած դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի նոր գիրքին` «The Resistance network»ին առցանց ներկայացումը տեղի պիտի ունանայ 27 Յունուարին, Լոս Անճելըսի ժամով կ․ե․ ժամը 4:30էն սկսեալ։
Միշիկըն նահանգի համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսած հատորին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ հեղինակին եւ ցեղասպանագէտ Հենրի Թերիոյի միջեւ զրոյցի մը միջոցաւ:
Ներկայացման միանալու համար այցելել https://bit.ly/3sl45Ba կամ https://bit.ly/2MMUaAX կայքէջը։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել ara@edrcorp.net հասցէին։