ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի յանձնախումբի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 11 Յունուարին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանի: Ներկայ էին յանձնախումբի անդամներ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան:
Ժողովը լսեց զեկուցումներ անցեալ տարուան ընթացքին լոյս տեսած հրատարակութիւններու մասին, որմէ ետք քննեց անգլերէնով, արաբերէնով եւ հայերէնով պատմաքաղաքական բնոյթ ունեցող եւ յանձնախումբին ներկայացուած տարբեր աշխատասիրութիւնները հրատարակելու նպատակայարմարութիւնը:
Նկատի ունենալով, որ հայրապետը 2021ը հռչակած է «Արցախի տարի», յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանի թէ Սփիւռքի գիտական շրջանակներուն՝ ներկայացնելու Արցախի վերաբերող պատմաքաղաքական եւ իրաւագիտական գիտաշխատութիւններ:
Նշենք, որ մօտ օրէն հրատարակութեան կը յանձնուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակին առիթով Անթիլիաս Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովին ներկայացուած զեկուցումներու հաւաքածոն: