ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսական խաղաղապահ ուժերուն եւ ռազմական ոստիկանութեան ընկերակցութեամբ, մէկ օրուան ընթացքին Արցախ վերադարձան 181 անձեր, որոնք մարտական գործողութիւններուն պատճառով հեռացած էին իրենց բնակավայրերէն: Այս մասին յայտնեցին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Ընդհանուր առմամբ Արցախ վերադարձած են 47,834 արցախցիներ։